Որոնել

Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիերթօ Փարոլին Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիերթօ Փարոլին 

Փարոլին. «Կլիմայի փոփոխութեան ճգնաժամը կը յաղթահարուի կեանքի ապրելակերպի փոփոխութեամբ»

Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Ապու Տապիի մէջ մասնակցեցաւ Global Faith Summit on Climate գագաթնաժողովին ուր նկարագրեց Սուրբ Աթոռի եւ Պապին յանձնարարութիւնը, նկատի առնելով COP28 ժողովը, հարց մը, որ կը վերաբերի Պետութիւններուն սակայն կրօնապետերը նաեւ ներգրաւուած են, որովհետեւ ան ունի բարոյագիտական եւ բարոյական ծաւալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 6 նոյեմբերին, Ապու Տապիի մէջ աւելի քան երեսուն կրօնապետեր իրենց մասնակցութիւնը բերին Global Faith Summit on Climate Action վեհաժողովին, որոնք ներկայացուցին աշխարհի մէջ իրենց տարբեր հասարակութիւններն ու կրօնական աւանդութիւնները։

Գագաթնաժողովին ծիրէն ներս կրօնապետերը ստորագրեցին միջ դաւանանքային յայտարարութիւն մը խրախուսելու համար իրենց հասարակութիւնները յաղթահարելու կլիմայի փոփոխութեան տագնապը, ինչպէս նաեւ խնդրելու համար քաղաքական առաջնորդներէն շօշափելի գործողութիւններ ձեռնարկել, նոյեմբեր 30էն դեկտեմբեր 12, Տուպայի մէջ գումարուելիք COP28 գագաթնաժողովին ընթացքին, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած միջ դաւանանքային յայտարարութիւնը ստորագրեց նաեւ Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որ իր մասնակցութիւնը բերած է Global Faith Summit on Climate գագաթնաժողովին։

«Վատիկան Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին կարդինալ Փարոլին անդրադառնալով կիմայի փոփոխութեան ճգնաժամը յաղթահարելու ծիրէն ներս կրօնապետերու դերակատարութեան՝ հարց մը, որ շատերու կողմէ համարուած է աշխարհական, հաստատեց թէ «այո՛, կլիմայի փոփոխութիւնը աշխարհական հարց է ու անորմով կը զբաղին քաղաքագէտները, աշխարհի քաղաքականութիւնը ինչպէս նաեւ գիտնականներ։ Սակայն՝ ըսաւ կարդինալ Փարոլին, «կը մտածեմ, որ կրօնապետերու ներկայութիւնը պարտաւորուած է այն իրողութեամբ, որ կլիմային փոփոխութեան ճգնաժամը ունի բարոյագիտական եւ բարոյական ծաւալ ,որուն մասին Սուրբ Աթոռը շատ անգամ ընդգծած է»։

Խօսելով կլիմայի փոփոխութեան հարցերը յաղթահարելու ծիրէն ներս ֆրանչիսկոս Պապի եւ Սուրբ Աթոռի դերակատարութեան կարդինալ Փարոլին նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապը շատ հետաքրքրուած է կլիմայի փոփոխութեան հարցով ու ասոր իբր փաստ Նորին Սրբութիւնը հրապարակած է երկու փաստաթուղթեր, «Գովեալ ըլլաս» եւ «Գոհութիւնը Աստուծոյ» փաստաթուղթեր նուիրուած բնապահպանութեան։

Կարդինալ Փարոլին աւելցուցէ թէ «Սուրբ Աթոռը իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ երկու բաներու, երկու գլխաւոր հարցերու վրայ։ Առաջինը կեանքի ապրելակերպն է, անհրաժեշտ է կեանքի ապրելակերպի փոփոխութիւնը՝ արարչագործութիւնը, բնութիւնը չկործանելու համար, այլ պատասխանատու մատակարարներ դառնալու, ինչպէս կ՝ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ սա պարտականութիւն մըն է, զոր Աստուած յանձնեց մարդկութեան։

Երկրորդ կարեւորէ կէտը այն է,  ըսաւ կարդինալ Փարոլին կրթութիւնը, որ կարեւոր կէտերէն մին է. նոր սերունդներուն կրթութիւնը, ունենալու եւ օգտագործելու համար տարբեր ձեւով այս աշխարհի հարստութիւնները։ Եւ դա Սուրբ Աթոռի համընդհանուր, համաշխարհային պարտականութիւնն է, հասատատեց Վատիկանի Պետական քարտուղարը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2023, 14:13