Որոնել

freddo

Աղքատներու համաշխարհային օրուայ եօթներորդ Օրը կը նշուի 19 նոյեմբերին

Աղքատներուն նուիրուած եօթներորդ համաշխարհային օրուան առիթով նախատեսուած է Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ ապա Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ աղքատներու ճաշը Ֆրանչիսկոս Պապին մասնակցութեամբ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Խրախուսել Եկեղեցին դուրս գալ իր պատերէն՝ հանդիպելու համար աղքատութեան, անոր բազմաթիւ իմաստներով, որոնք կը դրսևորուին այսօրեայ աշխարհին մէջ»: Այս հոգիով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապի կամքով, յառաջիկայ 19 նոյեմբերին պիտի նշուի Աղքատներու համաշխարհային օրը, որուն առիթով Սրբազան Պապը կիրակի առաւօտեան ժամը 10-ին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ պիտի մատուցէ Օրուան նուիրուած ու աղքատներու մասնակցութեամբ Սուրբ պատարագը։

Վերոնշեալ Օրուան այս տարուայ պատգամին բնաբանը քաղուած է Տովբիթի գիրքէն (4,7) «Հայեացքդ մի շեղեր աղքատէն» եւ հրատարակուեցաւ անցեալ 13 Յունիսին` Փատովացի Սուրբ Անտոնի տօնին օրը։

Դառնալ յոյսի ուխտաւորներ

Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համա-Վերատեսուչ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա օրուան նշումը կը նկատէ, որպէս ճանապարհ դէպի 2025 թուականին նշուելիք Սուրբ Տարուան. «Թող, որ ամենակարիքաւորներու նկատմամբ ուշադրութիւնը ստիպէ մեզ բոլորիս դառնալու` յոյսի ուխտաւորներ աշխարհի մէջ , որ կարիքն ունի լուսաւորուելու Յարուցեալի լոյսի և գթութեան ջահով, որ Ան վառեց մեր սրտերուն մէջ»:

Այս տարի Աղքատներու համաշխարհային օրուան աւելի անմիջական մասնակցութիւն կունենայ Բարեգործութեան ծառայութեան Վերատեսչութիւնը , որ պիտի կազմակերպէ նաև աղքատներու հետ ճաշը,Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին մասնակցութեամբ։ Այս տարուայ ճաշը առաջարկուած է Իտալիայի Hilton Hotels-ի կողմէ:

«Գթութեան Մայր» Բուժարանը

Օրուան առիթով ապա Սուրբ Պետրոս հրապարակին մօտ գտնուող «Գթութեան Մայր» Բուժարանը, որ ընդհանրապէս տարուայ բոլոր օրերուն առողջապահական ծառայութիւն կը մատուցէ աղքատներուն, 13էն 18 նոյեմբերին իր դռները պիտի բանայ առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ յետմիջօրէի 5-ը, եւ 50-է աւելի առողջապահական գործիչներ եւ կամաւորներ հոգ պիտի տանին աւելիով դիւրաբեկներուն անոնց մատուցելով նաեւ մասնագիտական բժշկական ծառայութիւններ։

Քահանայապետին պատգամը

Աղքատներու օրուան առիթով հրատարակած իր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ընդգծէ. «Ամէն օր մենք յանձնառու ենք աղքատներու հիւրընկալութեամբ սակայն բաւարար չէ: Աղքատութեան գետը կը հոսի մեր քաղաքներուն մէջ եւ կը դառնայ աւելի ու աւելի մեծ, մինչեւ յորդիլը։ Այդ գետը կարծես մեզ կը հեղեղէ, այնքան շատ եղբայրներու և քոյրերու աղաղակին ի տես, որ միշտ աւելիով կը զօրանայ եւ որոնք կը խնդրեն օգնութիւն, աջակցութիւն և զօրակցութիւն: Այդ իսկ պատճառով, Տիեզերքի Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսի տօնին նախորդող կիրակի օրը, մենք կը հաւաքուինք Անոր սեղանին շուրջ մէկ անգամ եւս ստանալու անոր պարգևը և պարտաւորութիւնը՝ ապրելու աղքատութիւնը և ծառայելու աղքատներուն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2023, 08:02