Սուրբ Աթոռը ունի իր աշխատելու ձեւը եւ դիրքորոշումը. Կարդինալ Փարոլին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը 23 նոյեմբերին Հռոմի «Sant'Andrea della Valle» Եկեղեցւոյ մէջ մատոյց ՀՈԼՈՄՈՏՈՐԻ ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած սուրբ պատարագը։ Ողբերգութիւն մը, որ տեղի ունեցած էր Ուքրանիոյ մէջ, Սթալինի մեղսակցութեամբ, որուն պատճառաւ իրենց կեանքը կորսնցուցին մէկ միլիոնէ աւելի անհատներ։
Կարդինալ Փարոլինին հետ համապատարագեցին Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի` Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը եւ Իտալիոյ մէջ Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Էկզարք Տիոնիզիօ Լախովիչը։
Պատարագին ներկայ գտնուեցան բացի բազմաթիւ հաւատացեալներէ ու քաղաքացիական անձնաւորութիւններէ, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Ուքրանիոյ դեսպանը եւ Մալթայի Ասպետական Ուխտին Մեծ Վարպետը, որոնց նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր սուրբ պատարագը։
Այս առիթով արտասանած քարոզին մէջ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Հոմոլոմտորը որակեց Ուքրանիոյ պատմութեան սարսափելի էջ մը, նման այսօրուայ պատերազմին։
Ծիրանաւորի գնահատումով «Ամէն անգամ, երբ մարդը կը պնդէ, որ ինքն է պատմութեան տէրը, իւրացնելով Աստուծոյ տեղը, որ Տէրն է պատմութեան, ան ի վերջոյ մահ կը սերմանէ» եւ «Երբ քաղաքական իշխանութիւն մը` ինքզինք չի դներ հասարակաց բարիքի ծառայութեան տակ կարող է ի վերջոյ զոհաբերել մարդոց ամբողջ խումբեր...»։
Լրագրողներուն հետ զրոյց
Պատարագին առիթով զանազան լրագողներ հարցումներ ուղղեցին Ծիրանաւորին հայող Սուրբ Երկրի մէջ տիրող պատերազմին ու այդ առընչութեամբ վերջին իրադարձութիւններուն, մասնաւորապէս վէճին, որ ծագեցաւ անցեալ չորեքշաբթի օր, երբ Ֆրանչիսկոս Պապը յաջորդաբար ընդունեց իսրայէլացի պատանդներու ազգականները հուսկ պաղեստինցի բանտարկեալներու հարազատները։
Կարդինալ Փարոլինը ընդգծեց, որ ըլլայ Քահանայապետը, ըլլայ Սուրբ Աթոռը յստակ կերպով դատապարտեցին անցեալ 7 հոկտեմբերի ՀԱՄԱՍի յարձակումը, բայց, նկատել տուաւ Ան, կարելի չէ անտեսել այն ինչ, որ կը պատահի Կազայի մէջ, ուր կան «բազմաթիւ մեռեալներ, վիրաւորներ եւ բազմաթիւ աւերներ»։
Սուրբ Աթոռը նոյն մակարդակի վրայ չի դներ յարձակողը եւ տուժողը անոր ոճը հաւասար մօտիկութիւնն է զոհերուն, շեշտեց Վատիկանի Դիւանագիտութեան Պետը նշելով նաեւ, որ «Սուրբ Աթոռը կը ջանայ ամէն ձեւով արդար ըլլալ եւ նկատի առնել բոլորին տառապանքները»։
Կարդինալ Փարոլինը հրաւիրեց ապա «լաւապէս կարդալու եւ հասկնալու այն ինչ որ բառերը կ՜արտայայտեն», եւ «եթէ մէկը աւելին կը պահանջէ, մենք ունինք մեր դիրքորոշումը, ունինք մեր գնահատումները, որոնց հիման վրայ կ՛առնենք որոշումներ» ըսաւ Ան։
Խօսելով ապա պատանդներու հարցի մասին Կարդինալ Փարոլինը նշեց, թէ անոնց ազատագրումը «շիտակ քայլ է» ակնարկելով նաեւ Ռուսիոյ տարահան եղած Ուքրանացի մանուկներուն տունդարձի հարցին եւ այս ուղղութեամբ եւս ընդգծելով Սուրբ Աթոռին դրական դերակատարութիւնը։
Ծիրանաւորը մատնանշեց նաեւ Նախագահ Փութինի G20 վեհաժողովին առիթով կատարած յայտարարութեան, թէ Ռուսիան «պատրաստ է բանակցութիւններուն» որպէսզի «վերջ դրուի պատերազմին» մաղթելով, որ յայտարարութիւնը ըլլայ հաւատալի, «այս է` որ կը մաղթենք բոլորս» ըսաւ Ան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ