Որոնել

2019.03.19 social media, comunicazione, persone, network, interazione, internet, rete digitale

Քրիստոնէական ոճով հաղորդակցիլը գեղեցկութեան ուղերձ փոխանցել է․ Փաոլօ Ռուֆֆինի

Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը ելոյթ ունեցած է Նիճերիոյ Լակոս քաղաքի մէջ՝ Հաղորդակցութեան համաափրիկեան եպիսկոպոսական յանձնախումբի հիմնադրման 50ամեակի առթիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Հաղորդակցիլ եւ հաղորդութիւն բառերը ունին «նոյն արմատը»: Այդ գիտակցութիւնը Եկեղեցւոյ՝ եւ յատկապէս Վատիկանի լրատուամիջոցներու մէջ աշխատողներու համար կողմնացոյց կը հանդիսանայ, որ կ’առաջնորդէ անոնց ամենօրեայ աշխատանքը։ Այս գաղափարն արտացոլեց Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Փաոլօ Ռուֆֆինին՝ 19 Նոյեմբերին Նիճերիոյ Լակոս քաղաքի մէջ Հաղորդակցութեան համաափրիկեան եպիսկոպոսական յանձնախումբի (CEPACS) հիմնադրման 50ամեակի առթիւ իր ելոյթի մէջ։

Միասին ճանապարհ փնտռել դէպի հաղորդակցման քրիստոնէական ոճ

Ըլլալով շատ աւելին քան պարզ տեղեկատւութիւն մը՝ հաղորդակցութիւնը, ըստ Վատիկանի Հաղորդակցութեան պատասխանատուի, «այն պարգեւն է, որ Աստուած տուաւ մեզ՝ Իր պատկերով ստեղծուած մարդկանց՝ իրարու հետ փոխյարաբերութիւններու մէջ ըլլալու, համայնք կառուցելու եւ մեր միջեւ հաղորդութիւն հիւսելու համար»։

Այս տեսլականէն է, որ կը բխի ոճը, նկատեց Ռուֆֆինին եւ շարունակեց, որ լրատուական դաշտի ոլորտէն ներս արձանագրուած բուռն զարգացումը եւ 1973 թուականին՝ Ափրիկէի մէջ մետիա մասնագէտներ պատրաստելու նպատակով ստեղծուած CEPACSի յոբելեանը, խթան կը հանդիսանան, որպէսզի ՝ «բոլորը մէկտեղ փնտռեն ճանապարհ դէպի հաղորդակցման աւելի քրիստոնէական ոճ»:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի վարդապետութիւնը, ցոյց կու տայ այդ ընթացքի ուղղութիւնը, շարունակեց Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը եւ այս համատեքստի մէջ ընդգծեց Ընկերային հաղորդակցութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ Պապի վերջին ուղերձը՝ լրատուամիջոցներու ամենէ առաջադէմ սահմաններէն մէկու՝ արհեստական բանականութեան վերաբերեալ, եւ Անոր յորդորը տեսնելու այդ մէկը «սիրտի իմաստութեան» հետ յարաբերութեան մէջ, ինչը Ռուֆֆինիի խօսքով «խնամքի կարիք ունի»։

Կառուցել համակարգ՝ ճշմարտութեան խօսքը սնուցանելու առաքելութեամբ

«Միասին՝ ռատիոյի, համացանցի եւ ընկերային ցանցերու միջոցաւ մենք կարող ենք կառուցել համակարգ՝ ճշմարտութեան խօսքը սնուցանելու առաքելութեամբ, հիմնուած Հոգեգալուստի փորձառութեան վրայ։ (․․․) Թող լուրը մարդոց մէջ շրջի, որպէս գեղեցիկ բան մը, քանզի ճշմարիտ է: Գեղեցիկ՝ քանզի անձամբ ապրուած է: Գեղեցիկ՝ քանզի կը պատմէ գեղեցկութեան մասին», եզրափակեց Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Փաոլօ Ռուֆֆինին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2023, 11:47