Որոնել

2023.12.01 il cardinal Parolin parte per Dubai

Կարդինալ Փարոլին. Ֆրանչիսկոս Պապը կոչ կ՛ընէ նոր սլացք ստեղծելու COP28-էն սկսեալ

Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը որ այսօր Տուպայ կը ժամանէ մասնակցելու համար COP28-ին, Վատիկանի լրատուամիջոցներու հետ կը կիսէ Ֆրանչիսկոս Պապին մտահոգութիւններն ու յոյսերը` կլիմայական ճգնաժամի, պատերազմներու և մոլորակը յօշոտող պառակտումներու վերաբերեալ: Մերձաւոր Արևելքի ճգնաժամերու և Ռուսաստանի և Ուկրանիայի միջև պատերազմի վերաբերեալ Ան կը վերահաստատէ Սուրբ Աթոռի մշտական ​​յանձնառութիւնը խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ուրբաթ մէկ դեկտեմբեր 2023ին Վատիկանեան լրատուամիջոցները հրատարակեցին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ իրականացուած հարցազրոյց որ կը կրէ Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութեան խմբագրական բաժանմունքներու համադրող տիար Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթիի ստորագրութիւնը։ Արդարեւ այս օրերուն Կարդինալ Փարոլինը պիտի գլխաւորէ COP28 վեհաժողովին Վատիկանեան Պատուիրակութիւնը։ Անոր ժամանումը նախատեսուած է այսօր երեկոյեան։ Սրբազան Պապը արդարեւ հիւանդութեան պատճառաւ «մեծ ցաւով» ստիպուած եղաւ չեղեալ նկատել Տուպայ նախատեսուած իր ճամբորդութիւնը։

Այն հարցումին թէ որո՞նք են Ֆրանչիսկոս Պապին COP28ին յոյսերն ու սպասումները Կարդինալ Փարոլինը նշեց թէ Քահանայապետի սրտին մէջ կայ գիտակցութիւնը, թէ «անհրաժեշտ է գործել հասարակաց տան խնամքին համար», ու թէ «հրատապ է քաջարի դիրքորոշումներ ստանձնել, տեղական եւ միջազգային քաղաքականութեան մը նոր սլացքի համար, որպէսզի մարդը այլեւս սպառնալիքի տակ չի գտնուի կողմնակի շահերէն... COP28ն կոչուած է յստակ պատասխան տալու կլիմայական փոփոխութիւններու ճգնաժամը դիմագրաւելու համար, արագ ժամանակահատուածի մը մէջ»։ Քահանայապետը չի կարողացաւ Տուղայ երթալ սակայն անոր այնտեղ գտնուելու որոշումը, որ պիտի ըլլար Քահանայապետի մը առաջինը, յստակօրէն բացայայտ է «Laudate Deum» յորդորագիրին մէջ որուն միջոցաւ ուզեց բոլորի հետ կիսել մոլորակին ցաւերը եւ հասարակաց տան խնամքի մտահոգութիւնները»։ ....ոչ միայն գիտական ուսումնասիրութիւնները ի յայտ կը դնեն կլիմայական փոփոխութեան հետեւանքները այլ առօրեայի լրատուութիւն ականատես ըլլալ բնական ծայրայեղ երեւոյթներու, որոնք համայն աշխարհին մէջ զօրեղ հետեւանքներ ունին մարդոց ու ժողովուրդներու կեանքի վրայ, մասնաւորապէս աւելիով դիւրաբեկներուն կեանքին որոնք նուազ պատասխանատուութիւն ունին այդ ճգնաժամը յառաջացնելու գործին մէջ։

«Սրբազան Քահանայապետը բազմիցս կրկնեց քաջութիւն բառը, կառավարութիւններէն խնդրելով քաղաքականութիւն ի նպաստ համապարփակ բնապահպանութեան, պաշտպանելու համար մարդը եւ հասարակաց տունը։

«Որո՞նք են COP28էն սպասումները» եղաւ Կարդինալ Փարոլինին ուղղուած երկրորդ հարցումը եւ Ան յղում կատարելով «Laudate Deum» յորդորագիրին նշեց թէ «եթէ մենք վստահութիւն ունինք մարդ արարածի կարողութիւններուն վրայ, չենք կրնար հրաժարիլ երազանքէն որ COP28ն նպաստէ ուժանիւթային անցման վճռական արագացումի՝ արդիւնաւէտ յանձնառումներով, որոնք կարող են մշտապէս վերահսկուիլ: Այս վեհաժողովը կարելի է ըլլալ շրջադարձային՝ ապացուցելով, որ այն ամէն բաները որոնք կատարուած են 1992 թուականէն ի վեր, եղած են լուրջ և տեղին, այլապէս մեծ հիասթափութիւն կ՛իրականացուի և վտանգի տակ կ դնէ մինչ այժմ ձեռք բերուած ողջ լաւ բաները» (թիւ 54): «Յոյսը այն է որ COP28 յստակ ցուցմունքներ առաջարկէ այս ուղղութեամբ» մաղթեց Կարդինալ Փարոլինը վերահաստատելով անհրաժեշտութիւնը բոլոր միջոցներով հակազդելու կլիմայական տագնապին, նաեւ կրթական ասպարէզէն ներս, ու կեանքի ոճի փոփոխութիւններով...խթանելով մարդկային համապարփակ զարգացումի վերանորոգուած ձեւ մը որ հիմնուած ըլլայ խնամքի, եղբայրութեան եւ մարդ արարածներու միջեւ համագործակցութեան ինչպէս նաեւ մարդ արարածի եւ միջավարի միջեւ դաշինքի ամրապնդման։

Կարդինալ Փարոլինի ուղղուած երրորդ հարցումը կը հայէր կլիմայական փոփոխութիւններուն յատկացուած նախկին վեհաժողովներուն ու այն հարցին եթէ աշխարհը կը գիտակցի վտանգներուն։

«Ցաւօք, կլիմայի փոփոխութիւնը կը շարունակուի և չի սպասեր, որ մարդ արարածի «բարի կամքը» ի գործ դրուի։ Անհրաժեշտ է, որ միջազգային հանրութիւնը ոչ միայն ընդունի այս մէկը, այլ յստակ գիտակցի, որ կլիմայական ճգնաժամի դէմ պայքարելու համար մենք կա՛մ միասին կը յաղթենք եւ կա՛մ միասին կը պարտուինք» ըսաւ ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը մատնանշելով նաեւ կլիմայական փոփոխութիւններուն վրայ ազդող տարբեր երեւոյթներու մասին ինչպէս զոր օրինակ պատերազմները կամ քովիտի ճգնաժամը որոնք միջազգային հասարակութեան ուշադրութեան կեդրոնը այլուր կը դարձնեն ու զայն կը խլեն կլիմայական հարցէն։

«Հարկաւոր է որ համայն միջազգային հասարակութիւնը առաջնահերթութիւն նկատէ այս հարցը...անպատասխանատու վարուելակերպը` իսկական թշնամին որու դէմ պէտք է պայքարիլ եւ որ հետեւանքներ ունի համայն մեր մարդկայնութեան վրայ այսօր եւ վաղը եւ պատասխանը պէտք է ըլլայ արագ եւ միասնական» ըսաւ իր պատասխանին մէջ ի միջի այլոց Կարդինալ Փարոլինը յոյս յայտնելով որ մարդկութիւնը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը։

Չորրորդ հարցումը կը վերաբերէր Իսրայէլ Պաղեստին պատերազմին որուն մասին արտայայտուելով Կարդինալ Փարոլինը նորոգեց Սուրբ Աթոռին դիրքորոշումները ընդգծելով ՀԱՄԱՍի եւ Պաղեստինեան իշխանութիւններու միջեւ տեսութիւններու տարբերութիւնները, յատկապէս հայող Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան եւ այս ուղղութեամբ յոյս յայտնեց որ ի գործ դրուին «երկխօսութեան անկեղծ ուղիներ» յիշելով նաեւ ձիթենիի ծառը որ տնկուած է Վատիկանի պարտէզներուն մէջ 2014ին Շիմոն Փերեսի եւ Մահմուտ Ապպասի միջեւ հանդիպումին առիթով, ի ներկայութեան Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Բարթողոմէոս պատրիարքի։ Մենք ըսաւ Ծիրանաւորը կը շարունակենք զայն ջրել յոյսի ջուրով, որ դուրս կու գայ աղօթքէն եւ դիւանագիտական աշխատանքէն։

Կարդինալ Փարոլինը ապա յայտնեց թէ ինք լոյսի շող մը կը տեսնէ ի տես վերջին օրերուն ձեռք բերուած բանակցութիւններուն, որոնք թոյլ տուին ազատ արձակել տարբեր պատանդներ ու միեւնոյն ժամանակ ի գործ դրուեցաւ զինադադարը։

Կարդինալ Փարոլինը գնահատեց Եգիպտոսի, Քաթարի եւ ԱՄՆ-ի ջանքերը լուծումի մը հանգելու համար ուրախութիւն յայտնելով այն անձերուն համար որոնք կարողացան իրենց ընտանիքները ողջագուրել եւ աղօթք ու մօտիկութիւն վստահեցնելով միւս պատանդներուն համար, մաղթելով որ անոնք եւս շուտով ազատ արձակուին։

Փարոլինը ակնարկեց նաեւ Կազայի մէջ մարդասիրական ծանր իրավիճակն ու այդ ուղղութեամբ Սուրբ Աթոռի մտահոգութեան...«մէկ միլիոնի աւելի մարդ մնացած է առան տունի» նշեց ի միջի այլոց ծիրանաւորը գնահատանք արտայայտելով Եգիպտոսի, Յորդանանի, Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներդրած ջանքերուն այնտեղ մարդասիրական օգնութիւններ հասցնելու համար։

Ծիրանաւորը գնահատեց նաեւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններուն մարդասիրական օգնութիւններու կապակցութեամբ ջանքերը յոյս յայտնելով որ զինադադարը շարունակուի եւ վերանան բոլոր սպառնալիքները։

Կարդինալ Փարոլինը խօսեցաւ նաեւ Ուքրանիոյ պատերազմի մասին եւ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական աշխատանքի մասին, մասնաւորապէս մարդասիրական հարցերուն մէջ, ինչպէս ուքրանացի անչափահասներու տունդարձի հարց, մաղթելով որ փոքր քայլերը դուռը բանան նաեւ այլ հարցերու շուրջ երկխօսութեան։

Կարդինալ Փարոլինին ուղղուած վերջին հարցումը յոյսի մասին էր, եւ Ան կրկնելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը ըսաւ. Ի տես մարդկութիւնը յուզող ողբերգութիւններուն, որոնք դիմաց բոլորս կորսուած կը զգանք, «թոյլ չտանք որ մեզմէ խլեն յոյսը», թէեւ յուսալը իրատեսութիւն ալ կը պահանջէ ու նաեւ գիտակցութիւն թէ շատ մը հարցեր, ըլլան անոնք բարոյական, ընկերային, բնապահպանական., քաղաքական կամ տնտեսական, իրար միջեւ կապուած են ու մէկը միւսէն կախեալ։

«Բայց եւ այնպէս յոյս ունենալը կը պահանջէ նաեւ գործելու քաջութիւն, քաջութիւնը սիրտը արգելքէն անդին նետելու, չարէն հրաժարուելու և անձնական կամ ազգային շահերի նեղ տարածութիւնէն հեռանալու յանդգնութիւն, ամէն օր բարի այդ հնարաւոր փոքր քայլեր ընել՝ փորձելով բարելաւել բարդ իրավիճակները և խաղաղութիւն սերմանել համբերութեամբ ու վստահութեամբ» եղաւ Կարդինալ Փարոլինին յորդորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2023, 14:40