Հայր Լոմպարտի. Պենետիկտոս ԺԶ հաւատքի վարդապետն ու վկան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Պենետիկտոս ԺԶ Պապին վախճանման առաջին տարեդարձին առթիւ «Ժոզէֆ Ռացինկեր» Քահանայապետական հիմնարկի նախագահ, Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի յօդուածով մը անդրադարձաւ Պենետիկտոս ԺԶ Պապին կեանքին ու թողած ժառանգութեան մասին։
«Պենետիկտոս ԺԶ Պապը կը շարունակէ թանկարժէք ընկեր ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք մասնակցութեամբ եւ մեծ սէրով կ՝ապրին կեանքի եւ մարդկային պատմութեան դէպքը այս երկրին վրայ՝ այսօր իր հետ բերած ողբերգական հարցերով», գրեց հայր Լոմպարտին, Ան ապա ակնարկելով ներկայ աշխարհը յուզող հարցերուն՝ պատերազմները, բնապահպանական տագնապները, արհեստական բանականութեան կիրարկութիւնները եւ այլ խնդիրներ յիշեց, անցեալ 30 նոյեմբերին, «Ռացինկեր» մրցանակի դափնեկիր, Փրոֆ Ֆրանչէքօ Թոռալտային խօսքը, «Պենետիկտոս ԺԶ Պապը խորութեամբ անդրադարձաւ մեր դարաշրջանի ճգնաժամերուն պատճառներուն եւ ժամանակակից մշակոյթին առաջարկեց չմերժել արդի բանականութիւնը այլ ընդլայնել անոր հորիզոնները, տեղ տալով բարոյական բանականութեան եւ հաւատքի բանաւորութեան»։
Հայր Ֆետերիքօ Լոպարտին հուսկ նշեց, որ Ռացինկերի տեսակէտը մարդկային բանականութեան ձախորդութիւններուն, հետեւաբար ոչ թէ ժխտել կամ սահմանափակել է՝ այլ զայն ընդլայնել եւ հրաւիրել է քաջութեամբ որոնելու հասկնալու համար ,թէ ինչպէ՛ս աշխարհը կը գործէ եւ ինչո՛ւ անիկայ գոյութիւն ունի եւ ի՛նչ է մարդու տեղը տիեզերքի մէջ եւ իր արկածախնդրութեան իմաստը։
«Պենետիկտոս ԺԶ-ի քրիստոնէական տեսլականով, բանականութեան ընդլայնումը կը հասնի հասկնալու սիրոյ տրամաբանութիւնը, որ կ՝արտայայտուի ձրիութեան տրամաբանութեան մէջ եւ կը թարգմանուի եղբայրութեան, զօրակցութեան եւ հաշտութեան մէջ։ Ճշմարտութիւնն ու սէրը ամբողջական ձեւով կը յայտնուին Բանի մարդեղութեան մէջ, Աստուծոյ խօսքը» նշած է Հայր Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի իր յօդուածին մէջ
Անդրադառնալով ապա Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին Հայր Լոպարտի նշեց որ Պենտետիսկոս ԺԶ Քահանայապետը վերջին Պապն է, որ մասնակցեցաւ ամբողջ ժողովին եւ զայն ապրեցաւ ներսէն ու մեզի ձգեց վկայութիւն մը անոր յարատեւ արդիականութեան մասին եւ մեզ կը քաջալերէ զարգացնել անոր սերմերն ու հետեւանքները առանց վախի, բարենորոգելով աշխարհի մէջ եկեղեցւոյ միեւնոյն առաքելութիւնը, պարտաւորեցնելով հաւատքն ու բանականութիւնը համագործակցելու աշխարհի մէջ մարդկութեան փրկութեան եւ բարիքին համար։
Հայր Լոմպարտի յօդուածը աւարտեց նշելով «Պենետիկտոսի ԺԶ-ի ծառայութիւնը կը շարունակէ Տիրոջ եկեղեցւոյ ամենախոր շարժումին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին ու անոր յաջորդներուն ուղեկցութեամբ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ