Յոբելինական տարի. Սուրբ Պետրոսի տաճարը գաղթականներու եւ բանտարկեալներու կողքին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ի տես 2025 թուականի յոբելինական սուրբ տարուան, ներկայացուեցան ընկերային բնոյթ ունեցող երկու ծրագիրներ, կազմակերպութեամբ Սուրբ Պետրոսի տաճարի գործարանին, համագործակցութեամբ «Սուրբ Հոգիի եւ Արուեստներու տուն» հիմնարկի եւ Seconda Chance «Երկրորդ բախտ» ընկերակցութեան։ Ծրագիրները իրականացուած են յօգուտ գաղթականներուն եւ բանտարկեալներուն։
Ընկերային բնոյթ ունեցող երկու ծրագիրները ներկայացուց Սուրբ Պետրոսի տաճարի աւագերէց, կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին, երեքշաբթի, 5 դեկտեմբերին, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
Առաջին ծրագիրը կը կրէ «Ծովու վարդարաններ» անունը, որ «Սուրբ Հոգիի եւ Արուեստներու տուն» հիմնարկի համագործակցութեամբ, Իտալիոյ Լամփետուզա կղզի յայտնաբերուած գաղթականներուն նաւակներէն կը հաւաքուի փայտեր վարդարանները իրականացնելու համար։ Մինչ՝ Seconda Chance ընկերակցութեան միջնորդութեամբ վարդարաններու պատրաստման աշխատանքներուն կը մասնակցին ընտրուած կարգ մը բանտարկեալներ։
Ծովու վարդարանները
Շուրջ մէկ ու կէտ տարիէ ի վեր «Սուրբ Հոգիի եւ Արուեստներուն տան» հիմնարկը սկսած է փայտեր հաւաքել Լամբետուզա կղզի հասած, մարդավաճառներու ձեռամբ գաղթականներ փոխադրող նաւակներէն։
Սոյն ծրագիրին հիման վրայ նախատեսուած է, որ նաւակներու փայտերը հաւաքեն կարգ մը բանտարկեալներ մինչ վարդարաններու պատրաստութեան աշխատանքով կը զբաղին երկու գաղթականներ, Սուրբ Պետրոսին գործարանէն ներս։
«Ձրիութիւն, արդարութիւն եւ ներում, ասոնք են երեք ուղեցոյցները, որոնց վրայ կողմնորոշուելու է յաջորդ յոբելինական 2025 թուականը», նշեց Կարդինալ Կամպեթթին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ