Վատիկանի մէջ Մանուկ Յիսուսի արձաններու օրհնութեան աւանդութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յիսնակաց շրջանի երրորդ կիրակի օրը աւանդութիւն է, որ բազմաթիւ հաւատացեալներ եւ յատկապէս մանուկներ՝ համախմբուին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, իրենց ձեռքը բռնած Յիսուս Մանուկի արձանիկներ, ու մասնակցելով կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքին զանոնք օրհնել տան Քահանայապետի կողմէ, որպէսզի ապա զետեղուին տուներու, դպրոցներու եւ աշխտասենեակներու մսուրներուն մէջ։
Սոյն աւանդութիւնը սկիզբ առած է Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի կամքով՝ 21 դեկտեմբեր 1969-ին եւ այս տարի կը զուգադիպի կիրակի 17 դեկտեմբեր 2023-ին։
Հռոմի Քրիստոնէականի զբօսավայրերու նախաձեռնութեամբ, հազարաւոր մանուկներ, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն ու քրիստոնէականի դաստիարակներուն, նախ քան Մարեմեան Աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը մասնակցին Մայր Տաճարի գահերէց՝ Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթիի մատուցած Սուրբ Պատարագին, ապա կէսօրին կը փոխադրուին Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, մասնակցելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքին եւ Մանուկ Յիսուսի արձաններու օրհնութեան արարողութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ