Վարդապետական Յայտարարութիւն. «անկանոն» զոյգերու օրհնութիւնները կարելի են
Վատիկան Նիուզ – Հայկական բաժանմունք
«Եթէ երկու հոգիներ օրհնութիւն մը խնդրեն, նոյնիսկ եթէ անոնց զոյգի պայմանը «անկանոն» է, կարելի է ընդառաջել այդ խնդրանքին սակայն ուշադիր ըլլալով ու խուսափելով որ հովուական մերձեցումի այս արարքը որեւէ մի ձեւով պարունակէ այնպիսի տարրեր, որոնք նոյնիսկ շատ հեռուէն նման ըլլան ամուսնութեան ծէսին»։ Այս կը կարդանք «օրհնութիւններու հովուական իմաստի մասին», Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան կողմէ հրատարակուած ու Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ վաւերացուած «Fiducia supplicans» յայտարարութեան մէջ։
Յայտարարութիւն, որ կը քննարկէ օրհնութիւններու թեման, զանազանութիւն դնելով ծիսական ու արարողական արարքներու եւ ժողովրդական պաշտամունքի արարքներու միջեւ։ Արդարեւ այս վերջինի կը վերագրուի այժմ տրուած կարելիութիւնը ընկալելու անոնց որոնք չեն ապրիր քրիստոնէական վարդապետութեան բարոյականութեան կանոններու համաձայն բայց հեզաբար կը խնդրեն օրհնուիլ։
«Fiducia supplicans» յայտարարութիւնը կազմուած է չորս գլուխներէ եւ 45 յօդուածէ ու կը սկսի Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան վերատեսուչ Կարդինալ Վիքթոր Ֆերնանտէսի ստորագրութիւնը կրող նախաբանով մը, որուն մէջ Ան կը բացատրէ թէ այս յայտարարութիւնը կը խորացնէ «օրհնութիւններու հովուական իմաստը»։
Առաջին գլուխը յատկացուած է ամուսնական խորհուրդին ու անոր օրհնութեան, երկրորդ գլուխին մէջ քննարկուած են օրհնութիւններու տարբեր ձեւերը իսկ երրորդ գլուխը կը բացատրէ, թէ ինչ ձեւով եւ ինչու ու երբ կարելի է շնորհել օրհնութիւնը, իսկ չորրորդ գլուխը նուիրուած է Եկեղեցւո`յ որպէս Աստուծոյ անհուն սիրոյ խորհուրդ։
Հաւատքի Վարդապետութեան «Fiducia supplicans»-ի միջոցաւ հնարաւոր կը դառնայ օրհնել նոյն սեռէ կազմուած զոյգերը, սակայն հարսանիքի ցանկացած ծիսակարգէ և անոր նման որեւէ ձեւէ դուրս: Ամուսնութեան մասին վարդապետութիւնը չի փոխուիր, օրհնութիւնը չի նշանակեր միութեան հաւանութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ