Որոնել

2023.05 Paul Richard Gallagher

Միջին Արեւելքի պատերազմ։ Գերապայծառ Կալլակէր. Անհրաժեշտ են բանակցութիւններ

Վատիկանի Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար Գերապ. Փոլ Կալլակէր Ավվենիրէ օրաթերթին հետ հրատարակուած «Ռոմա Սեթթէ» թեմական շաբաթաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Սուրբ Երկրի մէջ պատերազմի եւ այլ միջազգային եղելութիւններու մասին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մենք ականատես եղանք անցեալ 7 հոկտեմբերի սարսափելի դաժանութիւններուն, որոնց համար չկայ արդարացում, սակայն ականատես եղանք նաեւ այն բաներուն, որոնք պատահեցան անկէ ետքը։ Անհրաժեշտ են հնարաւորինս այնքան շուտ բանակցութիւններ։ Կը մաղթենք, որ այս պատերազմը պատճառ չըլլայ այլ կրօնական հակամարտութիւններու եւ չի տարածուի աշխարհի այլ շրջաններուն մէջ»։ Այս մէկը ընդգծած է Վատիկանի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար` Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրը, Ավվենիրէ օրաթերթին հետ միասին հրատարակուած «Ռոմա Սեթթէ» թեմական շաբաթաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, որուն մէջ Ան յատուկէն անդրադարձ կատարած է Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմին ինչպէս նաեւ միջազգային այլ հարցերու, ինչպէս Ուքրանիոյ պատերազմը եւ ՄԱԿ-ին տագնապը։

Ուքրանիա

Ուքրանիոյ մէջ տիրող պատերազմի մասին խօսելով Գերապայծառ Կալլակէր «խոր մտահոգութիւն արտայայտած է» անգամ մը եւս վերահաստատելով Սուրբ Աթոռին «միջնորդութեան» պատրաստակամութիւնը։

«Այն ինչ, որ կարող ենք ընել այն է օգնել մարդասիրական գետնի վրայ։ Կը շարունակենք օգտագործել մեր միջամտութիւնները բանտարկեալներու փոխանակումին համար ու ուքրանացի մանուկներուն տունդարձի ծրագիրը խթանելու։ Պէտք է սակայն ընդունինք, որ այս ջանքերուն արդիւնքները շատ համեստ են։ Սակայն կը շարունակեն աշխատիլ» ըսած է Գերապայծառ Կալլակէրը, որ ապա խօսելով Քահանայապետին հաւանական ճամբորդութեան մը մասին յայտնած է` թէ «Նորին Սրբութիւնը տրամադիր է այցելել ըլլայ Ուքրանիան ըլլայ Ռուսաստանը ու թէ այս մէկը ցուցիչ պիտի ըլլայ հաշտութեան ի սպաս քայլի մը։ Բայց դժբախտաբար չենք կարծեր, որ այս մէկը կարելի է այժմ։ Կախում ունի հակամարտութեան մէջ գտնուող կողմերէն» աւելցուցած է Վատիկանի ներկայացուցիչը:

ՄԱԿ-ին տագնապը

Գերապ. Կալլակէր խօսեցած է նաեւ «ՄԱԿ-ին ու բազմակողմանի մարմիններու ապրած խոր տագնապի մասին», նշելով` որ «թէեւ ՄԱԿ-ի տարբեր գրասենեակները կարեւոր դեր մը կը խաղան պատերազմի մէջ գտնուող շրջաններուն մէջ, քաղաքական ու դիւանագիտական գետնի վրայ ՄԱԿ-ին ապրած տագնապը շատ խոր է։ Անհրաժեշտ է բարեկարգում մը, որուն մասին կը խօսուի տարիներէ ի վեր, մասնաւորապէս հայող Ապահովութեան Խորհուրդին...Գուցէ պէտք է ամրապնդել Ընդհանուր Ժողովին դերը եւ լայնցել Խորհուրդի ոչ մնայուն անդամները ու նաեւ փոխել կանոնները։ Սուրբ Աթոռը կը կարծէ, որ այս մարմինները պէտք է զբաղին մարդկութիւնը իսկապէս յուզող կեդրոնական հարցերով», ըսած է  Վատիկանի Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար Գերապ. Կալլակէր Ավվենիրէ օրաթերթին հետ միասին հրատարակուած «Ռոմա Սեթթէ» թեմական շաբաթաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2023, 08:00