Որոնել

Վատիկանի մէջ 100 մսուրներու ցուցահանդէս Վատիկանի մէջ 100 մսուրներու ցուցահանդէս 

Վատիկանի մէջ Ծննդեան 100 մսուրներու ցուցահանդէս ի պատրաստութիւն 2025 յոբելինական սուրբ տարուան

Վատիկանի մէջ 100 mսուրներու ցուցահանդէսին նպատակն է յիշել Յիսուսի սուրբ Ծնունդը պատկերացնող առաջին մսուրի իրականացումը, Իտալիոյ Ռիէթի քաղաքի Կրէչիոյ գիւղին մէջ, զոր իրականցուց Սուրբ Ֆրանչիսկոսը՝ 1223 թուականին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Ունկնդրէ լուրը

Ի պատրաստութիւն 2025 թուականի յոբելինական սուրբ տարուան, Սուրբ Աթոռի աւետարանումի վարչութիւնը կը շարունակէ նախաձեռնել մշակութային տարբեր ձեռնակներ։ Նախատեսուած է «Վատիկանի մէջ հարիւր մսուրներ»ու ցուցահանդէսը, որ կ՝ամփոփէ Սուրբ Ծննդեան տեսարանը պատկերացնող տարբեր արուեստագէտներու աշխատանքները։

Մսուրներու ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ, 8 դեկտեմբեր 2023ին, յետմիջօրէին ժամը 4ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Պերնինի սիւնաշարին ձախ կողմը, ներկայութեամբ Աեւտարանումի վերատեսչութեան համանախագահ, Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլայի եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ հանրապետութեան դեսպան, Տիար Ֆրանչեսքօ Տի Նիթթոյի։

Այս տարուան Մսուրներու ցուցահանդէսին նպատակն է, յիշել Յիսուսի սուրբ Ծնունդը պատկերացնող առաջին մսուրի իրականացումը, Իտալիոյ Ռիէթի քաղաքին մէջ գտնուող Կրէչիոյ գիւղին մէջ, զոր իրականցուց Սուրբ Ֆրանչիսկոսը՝ 1223 թուականին։

100 մսուրներու ցուցահանդէսի բացման արարողութեան երգերով հանդէս պիտի գան Կրէչիօ քաղաքապետարանին մանուկներու երգչախումբի անդամները ինչպէս նաեւ Վատիկանի ոստիկանատան մարմնի նուագախումբը։

Մսուրներու ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ ու կարելի պիտի ըլլայ այցելել մինչեւ 7 յունուար 2024ին, ամէն օր ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան 7,30։

Մուտքը ձրի է ու ցուցահանդէսին պիտի ցուցադրուին 120 մսուրներ, որոնք հասած են աշխարհ 22 տարբեր երկիրներէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2023, 10:32