Մարդկային եղբայրութեան համար 2024 տարուան «Զայէտ» մրցանակի քննիչ յանձնախումի անդամները Մարդկային եղբայրութեան համար 2024 տարուան «Զայէտ» մրցանակի քննիչ յանձնախումի անդամները 

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ «Զայէտ» մրցանակի քննիչ յանձնախումբի անդամներուն հետ

Կարդինալ Սանտրիի զրոյցը «Վատիկան նիւզի»ի հետ. «Եղբայրութեան շօշափելի օրինակներ կը փնտռենք»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 19 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց 2024 տարուան «Զայէտ» մրցանակի քննիչ յանձնախումբի անդամները, որոնց շարքին էր Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչ Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսչութեան նախկին վերատեսուչ կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրին։

«Զայէտ» մրցանակի քննիչ յանձնախումբի անդամները Վատիկան եկած են գնահատելու համար մրցանակի ճանաչման թեկնածուները, զոր պիտի յանձնուի յառաջիկայ 4 փետրուար, 2024ին, Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Իմամ Ալ Ազհար Ահմէտ Ալ Թայէպի կողմէ ստորագրուած մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին հինգերորդ տարեդարձին առիթով, որ կը համընկնի 2020 թուականին, ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած մարդկային եղբայրութեան միջազգային օրուան։

2024 թուականի «Զայէտ» մրցանակի քննիչ յանձնախումբի մաս կը կազմեն խաղաղութեան եւ համակեցութեան մասին մասնագէտներ, որոնց շարքին Ինտոնեզիօ հանրապետութեան նախկին նախագահ, Մէկավաթի Սուքարնոփութր, որ եղած է որպէս կին երկրին առաջին նախագահը, Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար, Իրինա Պոքովա որ եղած է երկու անգամ ԻՒՆՍԵՔՕ-ի նախագահը եւ  մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէի անդամ։ Քննիչ յանձնախումբի անդամներն են Միացեալ Նահանգներու մէջ միջազգային կրօնային ազատութեան յանձնախումբի նախագահը Ռափփունապետ Աբրահամ Քուփեր եւ դատաւոր Ապտելսալամ։

Քննիչ յանձնախումբի որպէս սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչ, կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի, «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ «Զայէտ» մրցանակի քննիչ յանձնախումբի անդամներուն Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումին ընթացքին շօշափուած նիւթերուն ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն մրցանակի ուղղութեամբ յղած պատգամին նշեց, որ Նորին Սրբութիւնը ընդգծած է տիեզերական եղբայրութեան, երկխօսութեան եւ խաղաղութեան համար Ապու Տապիի փաստաթուղթի կարեւորութիւնը ու յիշած է աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող պատերազմներու իրավիճակները, 1945ին համաշխարհային Բ պատերազմէն յետոյ։ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դրած է  կրթութեան կարեւորութեան վրայ, որպէսզի երիտասարդները չ՝ունենան արժէքներէ զուրկ եւ դատարկ աշխարհը այլ ունենան եղբայութեան եւ երկխօսութեան արժէքներ, որոնք կ՝ազդեն անոնց առօրեայ կեանքին վրայ։

Անդրադառնալով ապա Աբրահամական երեք կրօններուն վայրէն ներս Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ ողբերգական հակամարտութեան կարդինալ Սանտրի նկատել տուաւ որ «Զայէտ» մրցանակը ուշադրութեան կոչ մըն է, որուն մասին Ֆրանչիսկոս Պապը կրկնած է հանդիպումի ընթացքին դիտել տալով որ այս պատերազմներէն կը շահին միայն զէնքը արտադրողները։

Կարդինալ Սանտրի նշեց, թէ բազմաթիւ են «Զայէտ» մրցանակի թեկնածուները եւ աշխարհի մէջ մարդկութիւնը հիւանդութիւններէն, աղքատութենէն, մարդավաճառութիւնէն փրկելու նպատակաւ հրաշալի ծրագիրները՝ սակայ ինչ որ կարեւոր է որոնել շօշափելի կեանքի տիպարներ՝ նոր սերունդներուն ըսելու համար, «Եթէ կ՝ուզէք ունենալ կեանք մը որ լի է իմաստով ու դատարկ, յոյսէ զուրկ կեանք մը չէ, այն է նմանիլ այն անձերուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք մեծ բաներ կը կատարեն մարդկային անձին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2023, 12:26