Որոնել

«Campo Santo Teutonico»ի Եկեղեցին «Campo Santo Teutonico»ի Եկեղեցին  (. Archivio Campo Santo Teutonico F 300.)

Պենետիկտոս ԺԶ կեանքը, միտքը եւ ժառանգութիւնը վախճանումէն մէկ տարի ետք

«Campo Santo Teutonico»ի Պենետիկտոս ԺԶ անուան դահլիճէն ներս 30 եւ 31 Դեկտեմբերին՝ տեղի պիտի ունենան տարբեր հանդիպումներ, որոնց ընթացքին անդրադարձ պիտի կատարուի Երջանկայիշատակ Պապի կեանքի, ուսուցումի եւ ժառանգութեանը՝ Անոր մահուընէ մէկ տարի անց։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երկու օր՝ վերապրելու համար Պենետիկտոս ԺԶ  կեանքը, ուսուցումը եւ ժառանգութիւնը՝  Անոր մահուընէ մէկ տարի անց, եւ խորհելու համար Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան վրայ անոնց ազդեցութեան մասին: Այդ նպատակով Վատիկանի «Campo Santo Teutonico» գերեզմանատան «Պենետիկտոս ԺԶ» անուան դահլիճէն ներս երկու օր՝ 30 եւ 31 Դեկտեմբերին՝ տեղի պիտի ունենան շարք մը հանդիպումներ՝ տարբեր գիտնականներու, փորձագէտներու եւ Ժոզէֆ Ռացինկերի ընկերներու մասնակցութեամբ: 

Նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած է «Կաթողիկէ հեռուստատեսային ընդհանուր ցանց»ի (EWTN - Global Catholic Television Network) կողմէ՝ «Fundatio Christiana Virtus» եւ «Ժոզէֆ Ռացինկեր – Պենետիկտոս ԺԶ» հիմնադրամներուն հետ համագործակցութեամբ:

Ձեռնարկը 30 Դեկտեմբերին կը նախատեսէ երեք հանդիպում ՝  «Պենետիկտոս ԺԶի յիշատակը եւ ժառանգութիւնը», «Յիսուս Քրիստոսը՝ Պենետիկտոս ԺԶ ի աստուածաբանութեան առանցք» եւ Պենետիկտոս ԺԶ ի մահը յաւերժական կեանքի լոյսի ներքոյ» նիւթերուն շուրջ, որոնց ընթացքին ի միջի այլոց ելոյթ պիտի ունենան Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քիւրդ Քոխը եւ «Ժոզէֆ Ռացինկեր- Պենետիկտոս ԺԶ» հիմնարկի նախագահ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին (Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի երբեմնի տնօրէն)։

Մինչ Դեկտեմբեր 31ին, առաւօտեան ժամը 8ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ մահուան առաջին տարելիցի կապակցութեամբ Լուսահոգի Քահանայապետին երբեմնի անձնական քարտուղար Արքեպիսկոպոս Կէորկ Կէյնզուէյն Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցի, որմէ ետք՝ ժամը 10ին, ան իր խորհրդածութիւնները պիտի ներկայացնէ Պենետիկտոս ԺԶ կեանքի վերջին տարիներու եւ ժառանգութեան մասին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2023, 11:29