Ատելութիւնը Աստուծոյ չի պատկանիր․ Կարդինալ Ֆիլոնի
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Երուսաղեմի Սուրբ Գերեզման» Ուխտի բոլոր անդամներու անունով՝ Սուրբ Երկիրին իրենց մօտիկութիւն առարկայական կերպով յայտնելու համար, անոր ղեկավար անձնակազմը անցեալ Դեկտեմբերի 28էն մինչեւ Յունուարի 3-ը «խաղաղութեան ուխտագնացութիւն» կատարած է Երուսաղեմ: Ուխտի Աւագ Վարպետ, Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին եւ ընդհանուր կառավարիչ, դեսպան Վիսքոնթի տի Մոտրոնեն՝ ուղեկցութեամբ հաղորդակցութեան գծով տնօրէն Ֆրանսուա Վեյնի, այս օրերուն Սուրբ Երկրի մէջ են «ի զօրակցութիւն եւ մօտիկութիւն տեղական եկեղեցւոյ եւ ի նշան հոգատարութեան»։
Սուրբ Պատարագ Կարդինալ Փիցցապալլային հետ
Յունուար 1ին Կարդինալ Ֆիլոնին՝ Երուսաղէմի Սուրբ Երկրի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլային հետ միասին, Աստուծոյ Մօր Տօնին առիթով Սուրբ Պատարագ մատուցած է Պատրիարքութեան աթոռանիստ համատաճարին մէջ, որուն ընթացքին ներկայացուցած քարոզը առաջին հերթին խաղաղութեան, «Աստուծոյ պարգեւի» եւ «հիմնարար բարիքի» նիւթին վերաբերած է, ինչը բոլորս կոչուած ենք փնտռելու եւ պաշտպանելու «խիզախութեամբ»։
«Մենք չենք կրնար ենթարկուիլ բռնութեան» շարունակած է յորդորել Կարդինալ Ֆիլոնին՝ Պատարագին ներկայ բոլոր հաւատացեալներուն հաւաստիացնելով Ուխտի բոլոր անդամներուն «զօրակցութիւնը ու մօտիկութիւնը»։
Խաղաղութեան աղօթք
«Եկեղեցին կ’ուզէ ըլլալ խաղաղութեան եւ փոխ ըմբռնման գործիք՝ միաժամանակ հրաւիրելով բոլորը, Ֆրանչիսկոս Պապի եւ աշխարհի եպիսկոպոսներու վշտահար կոչերու միջոցաւ, հրաժարիլ բռնութենէ, ցանկանալ եւ որոնել յարգալից համակեցութեան ուղին բոլոր անոնց համար, որոնք կ’ապրին այս Երկիրի մէջ, որտեղէն սկիզբ առած է Աստուծոյ Յայտնութիւնը հրեաներու, քրիստոնեաներու եւ մահմեդականներու համար: Ատելութիւնը Աստուծոյ չի պատկանիր», ընդգծած է Աւագ Վարպետը։
Ան ապա եզրափակած է առ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին աղօթքով․ «Քեզի, Տիրամայր, կը վստահինք Տիրոջ կողմէ սիրուած այս Երկիրը, որպէսզի բացուին մտքերն անոնց որոնք ունին ժողովուրդներու խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան համար պատասխանատուութիւնը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ