Որոնել

Չինաստան, Վատիկան, Կրօն Չինաստան, Վատիկան, Կրօն  (AFP or licensors)

Չինաստանի մէջ օծուեցաւ Զենկզուհիի նոր եպիսկոպոսը

Հայր Թատէօ Վանկ Եուէշէնքը Պապին կողմէ նշանակուեցաւ անցեալ 16 դեկտեմբերին, անուանումի հրապարակումը տեղի ունեցաւ օծումի օրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հայր Թատէօ Վանկ Եուէշէնք անուանուեցաւ Չինաստանի Զենկզուհիի նոր եպիսկոպոս։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կողմէ անոր անուանումը հրապարակուած էր անցեալ 16 դեկտեմբերին, սակայն այժմ յայտնի դարձաւ թեմական հովիւին օծումի զուգադիպութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ ժամանակաւոր համաձայնագիրին լոյսի տակ։

Սուրբ աթոռի մամլոյ գրասենեակի տեղեկատուութեամբ, Նոր եպիսկոպոս՝ Հայր Վանկ Եուէշէնք ծնած է Ծումատիան քաղաք՝ 27 փետրուար 1966ին, ան իմաստասիրական եւ Աստուածաբանական ուսումները աւարտեց  հարաւային կեդրոնը գտնուող դպրեվանքիմ մէջ 1987-1993 տարիներուն։ Քահանայ ձեռնադրուեցաւ է 17 հոկտեմբեր 1993ին, Ծառայեց  որպէս ժողովրդապետը Զենկզուհի թեմէն ներս։ 2011ին, դեկտեմբերին, անուանուեցաւ ժողովրդապետ է Զինզուհ թեմի Հուիժի շրջանին։

Ֆիտես Լրատու գործակալութեան տուեալներուն համաձայն, Զենկզուհիի թեմը, 1970 թուականէն մինչեւ այսօր երբեք չէ ունեցած եպիսկոպոսներ, այլ միայն թեմական մատակարարներ։ 1980 թուականէն սկսեալ նորոգուած են հին եկեղեցիներ ու կառուցուած նոր տարբեր եկեղեցիներ։

22 սեպտեմբեր 2018ին, Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ ժամանակաւոր համաձայնութենէ ետք, երբեք անվաւեր եպիսկոպոսական օծումներ չեն կատարուած՝ առանց Պապին հաւանութեան։

Ժամանակաւոր համաձայնութենէն ետք Չինաստանի մէջ օծուած են վեց եպիսկոպոսներ, միաժամանակ այպէս կոչուած 6 «գաղտնի» եպիսկոպոսներ, որոնք ժամանակին նշանակուած են առանց պետական արձանագրութիւններուն, որոնք իրենց դերին ճանաչումը ստացան քաղաքացիական իշխանութիւններուն կողմէ, որոնց շարքինէ նաեւ Նանեանկի եպիսկոպոս գերապայծառ Փիեթրօ Ժին Լուկանկը, որ պաշտօնապէս պետութեան կողմէ ճանչցուեցաւ անցեալ 30 յունուար 2019ին։,

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2024, 14:26