Որոնել

2020.02.01 Santa Messa per i Consacrati

Աշխարհի տարբեր վայրերէն Նուիրեալ Անձինք Հռոմի մէջ կը պատրաստեն 2025ի Յոբելեանը։

«Խաղաղութեան ճանապարհին վրայ յոյսի ուխտաւորներ», այս պիտի ըլլայ Նուիրեալ Անձերու 2025ի Յոբելենական տարւոյն բնաբանը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարուայ 8 եւ 9 հոկտեմբերին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 1էն 4 փետրուար 2024ին վաթսուն Երկիրներէ ժամանած Նուիրեալ Անձերու միաբանութիւններու աւելի քան 300 ներկայացուցիչներ պիտի համախմբուին Հռոմի մէջ պատրաստելու համար 2025ի Յոբելենական տարին, միասին կիսելով կեանքի ու առաքելութեան փորձառութիւններ ապա իրենց երկիրները վերադառնալու նոր սլացքով եւ յանձնառութեամբ` դառնալու ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան նշան մը։

«Խաղաղութեան ճանապարհին վրայ յոյսի ուխտաւորներ», այս պիտի ըլլայ Նուիրեալ Անձերու 2025ի Յոբելենական տարւոյն բնաբանը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարուայ 8 եւ 9 հոկտեմբերին։

Անոնց ցանկութիւնն է խորհիլ խաղաղութեան մեծ անհրաժեշտութեան մասին, որ հրատապ է մեր այս ապրած ժամանակներուն համար, ու համապատասխանել Ֆրանչիսկոս Պապի կոչին, որ կը խնդրէ Յոբելենական ճանապարհորդութեան ընդմէջէն ստեղծել յոյսի և վստահութեան մթնոլորտ՝ որպէս վերածնունդի նշան, որուն կարիքն ունի այսօր ողջ մարդկութիւնը։

«Սիրելի նուիրեալ այր մարդիկ և կանայք, եկէք անմիջապէս միասին մուտք գործենք այս ուխտագնացութեան մէջ՝ տանելով իրական յոյսը, որ մեր սրտերուն մէջ է և որուն կը ծառայէ մեր կեանքը», - ըսաւ այս առիթով Կարդինալ Ժոաօ Պրազ տէ Ավիզը, Նուիրեալ Կեանքի հաստատութիւններու եւ Առաքելական կեանքին ընկերութիւններու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը։

Վերոնշեալ հաւաքին ծրագիրը պիտի զարգանայ չորս հիմնական թեմաներով. Մէկ Փետրուարին. «Յոյսին հաւատալ»; 2 Փետրուարին. «Աճում բարեգործութեան մէջ»; 3 Փետրուարին «Հաւատքի զօրութեամբ»; 4 Փետրուարին «Վկայել Յոյսը».

Երկխօսութիւնը հարստացնելու համար հաւաքին կը մասնակցին նաև Հռոմի Քուրիայի Վերատեսչութիւններու որոշ ներկայացուցիչներ։

Նշենք` որ Յոբելեանը հոգևոր, հասարակական և եկեղեցական մեծ նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւն մըն է, կարեւոր պահ, որուն ընթացքին Աստուծոյ ժողովուրդը կը խնդրէ, փորձարկել Աստուծոյ ներումն ու ողորմութիւնը։

Եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին Յոբելեանները, որպէս նշաձողեր, նշանաւորեցին եկեղեցական ճանապարհորդութիւնը: Նուիրեալ Անձերը եւս կոչուած են, մասնաւորապէս, յաջորդ յոբելեանի առիթով, յոյսի ու խաղաղութեան վկաներ ու մարգարէներ ըլալ։

2025ի Յոբելեանի Նախապատրաստական վերոնշեալ հաւաքի ծիրէն ներս Ուրբաթ` 2 Փետրուարին, Տեառնընդառաջի տօնին եւ Նուիրեալ Անձերու նուիրուած 38րդ Օրուան առիթով նախատեսուած է Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ պատարագ զոր պիտի նախագահէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2024, 10:21