Որոնել

Կարդինալ Փիցապալլա Հռոմ Ճեմելլի համալսարանէն ներս Կարդինալ Փիցապալլա Հռոմ Ճեմելլի համալսարանէն ներս 

Կարդինալ Փիցցապալլա. Համագործակցութիւն եւ հաշտութիւն Սուրբ Երկրի համար

Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարքին ելոյթը Հռոմի Կաթողիկէ համալսարանէն ներս

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարքը, կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցցապալլա, երկուշաբթի, 15 յունուարին, ելոյթ ունեցաւ Հռոմի «Ճեմելլի» Կաթողիկէ համալսարանին մէջ՝ 2023-2024 ուսումնական տարուան բացման արարողութեան ընթացքին։

Ելոյթին մէջ ծիրանաւորը զրուցեց ժողովուրդին վրայ հակամարտութեան ազդեցութեան, հոգեւորական կեանքի եւ հաւատացեալի միջեւ յարաբերութիւններուն մասին, յորդորելով օգտագործել ուրիշի հանդէպ համակրանքով եւ մարդասիրութեան պակասով լեզու, հրաւիրելով նաեւ կրօնապետերը, չլռելու անարդարութիւններուն մասին՝ առանց շահագործումի։

Ծիրանաւորը խօսելով խաղաղութեան մասին նկատել տուաւ, որ հարկ է դպրոցներու, համալսարաններուն մէջ սկսիլ ժողովուրդը կրթել խաղաղութեան եւ ոչ բռնութեան, այսինքն հաւատալ, մէկը միւսին յարգանք, ինչ որ «ցաւօք սրտի, տեղի չ՝ունենար արաբական եւ հրեայ դպրոցներու մէջ, բացառութեամբ հազուադէպ դէպքերուն», ըսաւ Կարդինալ Փիցցապալլան։

Եկեղեցին թող չկորսնցնէ իր մարգարէական ծաւալը

Կարդինալ Փիցցապալլա զրուցեց ժողովուրդին վրայ արիւնալի պատերազմի ազդեցութեան մասին նշելով, որ խաղաղութիւնը «հեռու, բովանդակութենէ դատարկ բառ դարձած՝ եթէ ոչ անվերջ շահագործման առարկայ, հետեւաբար, անհրաժեշտ է յոյսի յստակ խօսք մը, որ պէտք է ներշնչուի Աստուածաշունչէն եւ եկեղեցւոյ մարգարէական ծաւալէն։ «Եթէ եկեղեցին կորսնցնէ այդ ծաւալը, խօսած կ՝ըլլայ այն մասին, զոր ժողովուրդը կ՝ուզէ լսել ու այս մէկը կրկնուող վտանգ է, յատուկէն միջին արեւելքի մէջ։

Երկար ժամանակ պատերազմի տանջանքէն բուժուելու համար

Երուսաղեմի Պատրիարքը նկատել տուաւ, որ բուժումին ժամանակները անպայման երկար պիտի տեւեն ու կը պահանջեն բարդ ուղեգիծեր, ընդգծելով որ «Պէտք է ընդունիլ, որ արդարութիւնը, ճշմարտութիւն, հաշտութիւն եւ ներում բառերը չեն կրնար միայն փափաք դառնալ ,այլ պէտք են գտնեն իսկապէս ապրուած շրջանակ՝ կիսուած մեկնաբանութեամբ ու դառնան արժանահաւատ եւ ցանկալի արտայայտութիւններ, «առանց որոնց դժուար պիտի ըլլայ հաւատալ տարբեր ապագայի մասին»։

Վստահելի խաղաղութիւնը կը պահանջէ յիշողութեան մաքրում։

Կարդինալ Փիցցապալլա վերահաստատեց իւրաքանչիւրի պատասխանատուութիւնը քաջութիւն տալու մէջ՝ կեանքի հեռանկար կառուցելու  համար այս մեծ ապակողմնորոշուած միջավայրէն ներս։ «Այնտեղ, ուր կարծես ամէն ինչ փակուած է ատելութեան եւ ցաւին մէջ, կանչուած ենք հորիզոններ բանալու։ Վէրքերը եթէ չբուժուին եւ չ՝ընդունուին, չմշակուին եւ չկիսուին, պիտի շարունակեն ցաւ պատճառել նոյնիսկ տարիներ եւ դարեր, յառաջացնելով զայրոյթ։ ըսաւ կարդինալ Փիցցապալլամ։

Ի վերջոյ Երուսաղեմի Պատրիարքը նկատել տուաւ, որ Սուրբ Երկրի մէջ վերջին ամիսներուն դադրած են միջ կրօնային ծիրէն ներս կրօնապետերու միջեւ հանդիպումները, աղօթքները ու իւրաքանչիւր կրօնապետ կ՝արտայայտուի միայն իր հասարակութեան ներքեւ. հրէաները, հրէաներուն հետ, իսլամները, իսլամներուն հետ, քրիստոնեաները քրիստոնեաներուն հետ։ Ան ապա ցաւ յայտնեց այն գծով, որ միջկրօնական յարաբերութիւնները, որոնք ամրապնդուած էին, կարծես թէ այսօր խզուած են անվստահութեան վտանգաւոր զգացումով։ Իւրաքանչիւր անձ ինքզինք դաւաճանուած կը զգայ միւսին կողմէ,  անհանգստացուած, ոչ պաշտպանուած եւ միայնակ,  ըսաւ կարդինալ Փիցզապապլլա ու այս առնչութեամբ յորդորեց, որ հաւատքը չկրնար ձեռքերը ծալած մնայ,« մէկ կողմէն պէտք է մխիթարութիւն ըլլայ եւ միւս կողմէն ,«անհանգստացող տարր» ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2024, 11:39