Որոնել

Campidoglio: convegno sul cardinale Achille Silvestrini

Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հեռանկարները քիչ են, կարիքը կայ եղբայրութեան. Կարդինալ Փարոլին

«Խաղաղութիւնը պէտք է հասնի երբ պատերազմը վերջ կը գտնէ...եւ որքան աւելի տեւէ պատերազմը այնքան աւելի մեծ պիտի ըլլան անոր վնասները, ըլլայ մարդկային գետնի վրայ, ըլլայ որպէս կառոյցներ» նշած է ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը, որ ակնարկելով «Միջազգային Մարմիններու անկարողութեան», ընդգծած է, թէ այդ կառոյցներուն ներքոյ «կան կողմերու շահեր» ու թէ «ոչ ոք պատրաստ է հրաժարելու այդ շահերէն, միասնական լուծում մը գտնելու համար», ուստի «անոնք կարիք ունին բարեկարգումի...»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իտալիոյ խորհրդարանի Montecitorio պալատին մէջ ապագայի առողջապահութեան նուիրուած «Dignitas Curae»-ի ծրագրի ներկայացումին ծիրէն ներս, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը պատասխանելով լրագրողներուն իրեն ուղղած մի քանի հարցումներուն եւ անդրադարձ կատարելով Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող պատերազմներուն խրախուսած է հետեւիլ Սուրբ Պօղոսի ապրումին «Յուսալով հակառակ ամէն յոյսի» այս ուղղութեամբ դիտել տալով, թէ մարդկային գետնի վրայ իրեն կը թուայ թէ «խաղաղութեան հեռանկարները շատ քիչ են» ու թէ «կողմերու դիրքորոշումները այնքան հեռու են իրարմէ եւ հակառակ, որ կարելի չէ տեսնել միասնական ուղեւորութիւն մը` որ կարող է հանգեցնել խաղաղութեան»։

«Խաղաղութիւնը պէտք է հասնի երբ պատերազմը վերջ կը գտնէ...եւ որքան աւելի տեւէ պատերազմը այնքան աւելի մեծ պիտի ըլլան անոր վնասները, ըլլայ մարդկային գետնի վրայ, ըլլայ որպէս կառոյցներ» նշած է ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը, որ ակնարկելով «Միջազգային Մարմիններու անկարողութեան», ընդգծած է, թէ այդ կառոյցներուն ներքոյ «կան կողմերու շահեր» ու թէ «ոչ ոք պատրաստ է հրաժարելու այդ շահերէն, միասնական լուծում մը գտնելու համար», ուստի «անոնք կարիք ունին բարեկարգումի, այնպէս ինչպէս ըրինք մենք շատ անգամ Սուրբ Աթոռին մէջ, որովհետեւ անոնք ծնունդ առած են տարբեր ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, Բ աշխարհամարտէն անմիջապէս ետքը, սառ պատերազմի մթնոլորտի մէջ։ Գուցէ կարիքն ունին գտնելու արտայայտութեան նոր ձեւեր» աւելցուցած է Ծիրանաւորը ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերուն` թէ «եթէ չկայ մարդկային եղբայրութեան զգացումը, ընտանիքի զգացումը, ուր իւրաքանչիւրը հոգ կը տանի միւսին ու մանաւանդ աւելիով տկարին, ոչ մէկ բան կարելի է լուծել»։

Ծիրանաւորը անդրադարձած է նաեւ Խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ապագայի առողջապահութեան հայող ծրագրին ու այս ծիրէն ներս շեշտած է բնակչութեան հոգ տանելու կարեւորութիւնը։ Պետութիւնը պէտք է համապատասխանէ քաղաքացիներու կարիքներուն, որոնք բոլորն ալ ունին միեւնոյն իրաւունքները։ «Այս մէկը բոլորիս պատասխանատուութիւնն է», ըսած է ի միջի այլոց կարդինալ Փարոլինը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2024, 09:00