Կարդինալ Փարոլին. «Վճռական ենք հակասեմականութեան բոլոր ձեւերուն դէմ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
22էն 23 յունուարին, նախաձեռնութեամբ Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան Վատիկանի թանգարաններու մէջ գումարուեցաւ գիտաժողով մը նուիրուած կարդինալ Էրքոլէ Քոնսալվիին՝ մահուան երկրորդ հարիւր ամեակի առթիւ։
Համագումարին աւարտին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին ըրած կոչին «ոչ մէկ պատճառ կրնայ արդարացնել հակասեմականութիւնը», եւ մեկնաբանելով յառաջիկայ 27 յունուարին նշուելիք յիշատակի համաշխարհային օրը շեշտեց « որ բոլորս կանչուած ենք վճռական ըլլալու հակասեմականութեան որեւէ ձեւին դէմ, որ դժբախտաբար ծնունդ առաւ նաեւ Կազայի մէջ իրադարձութիւններուն պատճառաւ» ըսաւ ծիրանաւորը աւելցնելով որ «ոչ մէկ պատճառ կրնայ արդարացնել այս տեսակի երեւոյթը ու պէտք է ճանչցուին պաղեստինցիներուն պատճառները եւ կը ցաւինք որ այս երկու պետութիւններուն գիծը ընդունուած չէ, սակայն դա բացարձակապէս չնշանակեր, որ գոյութիւն ունի հակասեմական շարժումը մը» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը։
Անդրադառնալով ապա մօտ ապագային Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուելիք նախագահական ընտրութեան կարդինալ Փարոլին մաղթեց, որ այս ընտրութիւնները դառնան գործիք՝ բոլորին բարեկեցութիւնը ապահովուելու համար ու ազգերու ղեկավարները իրենց սիրտերու մէջ կրեն ընկերութեան, երկրի բարիքը, յատուկէն ժողովուրդին աղքատները։
Կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ նաեւ անցեալ շաբաթներուն Նիքարակուայի մէջ եկեղեցական 19 ներկայացուցիչներուն ազատ արձակման, որոնք շարքին Ռոլանտօ Ալվարէզ եւ Իզիտորօ Մարիա եպիսկոպոսները, որոնք այժմ Սուրբ Աթոռի կողմէ հիւրընկալուած են Հռոմի մէջ։Կարդինալ Փարոլին, նշեց թէ չգիտեր եթէ նախատեսուած են հանդիպումները Պապին հետ, յատուկէն Գերապայծառ Ալվարէզը, որ կալանաւորուած էր աւելի քան մէկ ու կէս տարիէ ի վեր։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ