«Անապատի ընդմէջէն Աստուած մեզ կ՛առաջնորդէ ազատութեան». 2024ի քառասնորդացի պատգամը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Յառաջիկայ հինգշաբթի մէկ Փետրուար 2024ի առաւօտեան ժամը 11.30 անց, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի Պիոս Ժ դահլիճին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացումը պիտի կատարուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2024ի քառասնորդացի պատգամին որուն բնաբանն է «Անապատի ընդմէջէն Աստուած մեզ կ՛առաջնորդէ ազատութեան»։
Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան Մարդկային համապարփակ զարգացումի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Միքայել Չեռնի, Հայր Անտրէ Քավալլինի, Հռոմի Թեմին քրիստոնէականի գրասենեակի յանձնակատար, Փրոֆ. Էմիլիա Փալլատինօ` Գրիգորեան Քահանայապետկան համալսարանի Հասարակական Գիտութիւններու Բաժանմունքի դասատու եւ արուեստագէտ Մաուրօ Փալլոթան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ