Որոնել

Մոնկոլիոյ դրօշակներով երիտասարդները կ՛ողջունեն Ֆրանչիսկոս Պապին Մոնկոլիոյ դրօշակներով երիտասարդները կ՛ողջունեն Ֆրանչիսկոս Պապին  (AFP or licensors)

Վատիկանի լրատուամիջոցներու 51 լեզուներուն աւելցաւ Մոնկոլներէնը

Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզը այսօրուընէ սկսաւ խօսիլ նաեւ Մոնկոլներէն` Քահանայապետին վերջերս այցելած Ասիական ցամաքամասի մաս կազմող երկրի լեզուն։ Այս մէկը կարելի եղաւ տեղական Եկեղեցւոյ համագործակցութեան շնորհիւ։ Վատիկանեան կայքէջին վրայ պիտի հրատարակուին Քահանայապետի Մարեմեան Աղօթքի ու չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններուն խորհրդածութիւնները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուղղուիլ աշխարհի արուարձաններ` հասնիլ ամենահեռաւոր հասարակութիւններուն, այս եղած է ի սկզբանէ Ռատիօ Վատիկանի առաքելութիւնը, 1931ին արձակուած Պիոս ԺԱ Քահանայապետի առաջին պատգամէն սկսեալ։ Եւ ահա այս առաքելութեան հետքերուն վրայ է, որ այսօրուանէ սկսեալ, Վատիկանի լրատուամիջոցներու լեզուներուն շարքին կը գտնենք Մոնկոլներէն լեզուի բաժանմունքը ուր` համագործակցութեամբ տեղական եկեղեցւոյ, պիտի հրապարակուին Քահանայապետին Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ու Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններուն խորհրդածութիւնները։

Այս առնչութեամբ Մոնկոլիոյ մէջ Ուլանպաթարի Առաքելական Կառավարիչ, կարդինալ ՃորՃօ Մարենկօ յայտնեց իր մեծ ուրախութիւնը նշելով` որ այս մէկը պտուղն է «Քահանայապետին Երկրին տուած այցելութեան» ու թէ «Նորին Սրբութեան խօսքերը խորաթափանցեցին կաթողիկէներու ու նաեւ այլ կրօնական համոզումներով անհատներուն սիրտերուն մէջ, որոնք մեծապէս տպաւորուած մնացին Ֆրանչիսկոս Պապին մարդկային եւ հոգեւոր մեծ վկայութենէն։... Ասիկա աւետարանութեան ի սպաս նոր գործիք մըն է» ըսաւ ի միջի այլոց Առաքելական Կառավարիչը, մաղթելով` որ անիկայ «իր ողջ ուժականութիւնը կարենայ տարածել այսօրուան հաղորդակցութեան ուղիներով»։

Վատիկանի հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան վերատեսուչ` տիար Փաուլօ Ռուֆինի նկատել տուաւ, որ Վատիկանի լրատուամիջոցներու մէջ Մոնկոլներէն լեզուի յաւելումը «Մոնկոլիոյ նման մեծ բան մըն է», ընդգծելով որ «բազմաթիւ լեզուներով՝ որքան հնարաւոր է շատ լեզուներով խօսիլը Վատիկանի Լրատուամիջոցներուն առաքելութիւնն ու ծառայութիւնն են»։

Այս առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի Լրատուամիջոցներու խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն` Անտրէա Թոռնիելլի, յիշեց թէ, 2023 թուականի սեպտեմբեր ամսուայ ընթացքին Պապին Մոնկոլիա կատարած ճամբորդութիւնը արտասովոր հրաշալի ճամբորդութիւն մը «այն վկայութեան համար որուն ականատես եղանք, այդ փոքր ու նորածին Եկեղեցիէն, որ նուիրուած է մերձաւորի ծառայութեան»։ Այս ներառումը ձօնուած է այդ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, 1.500է բաղկացած այդ փոքր եկեղեցւոյ ու անոնց աւետարանական վկայութեան» յայտնեց Տիար Թոռնիելլին։

Անոր արձագանգեց նաեւ Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի պատասխանատու Տիար Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթի որ իր կարգին շեշտեց` թէ մեր առաքելութիւնն է Աւետարանը տարածել համայն աշխարհին մէջ ու ձայն տալ տեղական եկեղեցիներուն, առանց ոչ մէկը թողելով առանձին եւ ձայն տալով նաեւ այն յոյսին որ աշխարհը կը փոխակերպէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2024, 09:00