"Growing Together" համամիութենական ձեռնարկ Անկլիքան եւ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ ընթացքին Անկլիքան և Կաթողիկէ աւանդոյթներու պատկան եպիսկոպոսները միասին կը համախմբուին «Growing Together – աճիլ միասին» ձեռնարկին առիթով, մէկ շաբաթ տեւող գագաթնաժողով մը որ նուիրուած է ուխտագնացութեան եւ համամիութենական քննարկումներու եւ որ տեղի կ՛ունենայ Հռոմի և Քենթըրպուրրիի մէջ 22-էն 29 Յունուար 2024ին:
Վերոնշեալ հաւաքին պիտի մասնակցին 27 երկիրներէ ժամանած 50 եպիսկոպոսներ, որոնք այցելելով Հռոմի եւ Քենթըպուրրիի սուրբ վայրերը պիտի աղօթեն, խորհրդածեն ու մէկը միւսէն պիտի սորվին, նպատակ ունենալով միասին աճիլ վկայութեան մէջ եւ աշխարհին ի սպաս առաքելութեան մէջ։
Վերոնշեալ ծրագիրի ծիրէն ներս 25 Յունուար 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Քանթըրպուրրիի առաջնորդը եպիսկոպոսներուն պիտի յանձնեն առաքելութիւն մը, զանոնք առաքելով երկու երկու, մէկը անկլիքան մէկը կաթողիկէ, որպէսզի վկաները ըլլան քրիստոնեաներու միութեան։ Այս պիտի ըլլայ խորհրդանշական պահ մը` անկլիքան-կաթողիկէ կապերուն համար, ու անոնց միջեւ համամիութենական երկխօսութեան համար։
25-ի Յունուարի վերոնշեալ ժամադրութենէն բացի, Հռոմի ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, նոյն օրը, տեղի կ՛ունենայ Անկլիքան ծէսով պատարագ՝ Սուրբ Բարթողոմէոսի անուան Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Քենթըրպուրրիի Առաջնորդին:
Մինչ Յունուար 23-ին, նախատեսուած է այցելութիւն մը` Սուրբ Պետրոսի տաճար, ապա 26-ին այցելութիւն «San Gregorio al Celio» եկեղեցի, որտեղէն 597 թուականին մեկնեցաւ Քենթըրպուրրրրի առաջին արքեպիսկոպոսը, որ Մեծն Գրիգոր Պապի կողմէ ուղարկուեցաւ Անգլիա։
28 Յունուարին Քենթըրպուրրիի մէջ եպիսկոպոսները պիտի մասնակցին երգչախմբային պատարագին, որուն առիթով պիտի քարոզէ Հոնկքոնքի կաթողիկէ եպիսկոպոս` կարդինալ Սթէֆէն Շովը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ