Սուրբ Պետրոսի մէջ համամիութեան աղօթք` ի յիշատակ Ղպտի 21 նահատակներու
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ինը տարիներ անցան այդ 2015ի 15 փետրուարէն երբ Իսլամական Պետութիւն կոչեցեալ խմբաւորումի համակիրները իրագործեցեցին իրենց ամենադաժան ոճիրներէն մին, Իզմիրի ծովափին վրայ վայրագ կերպով սպաննելով Լիպիայի մէջ աշխատող 20 եգիպտացի և մէկ Ղանացի։
Անոնց մահը մեծապէս նշանաւորեց Ղպտի Եկեղեցւոյ կեանքը եւ անցեալ տարուայ 11 մայիսին` Աղեքսանդրիոյ Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պապ Թաուատրոս Բի եւ Ֆրանչիսկոս Պապին միջեւ Վատիկանի մէջ կայացած աղօթքի միասնական հանդիպումի ընթացքին է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց թէ գլխատուած այդ 21 քրիստոնեաները պիտի ներառուէին Հռոմէական Մարտիրոսներու տօնացոյցին մէջ, որպէս հոգեւոր հաղորդութեան նշան։
Ահա այս ուղղութեամբ է որ հինգշաբթի 15 Փետրուարին, Կաթողիկէ Եկեղեցին պիտի կատարէ անոնց յիշատակին նուիրուած առաջին արարողութիւնը, Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ կայացած համամիութենական աղօթքով, որ կազմակերպուած է Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան կողմէ եւ որուն պիտի նախագահէ Վերատսեչութեան Վերատեսուչ` Կարդոնալ Քիւրդ Քոխը, ղպտի մէկ երգչախումբի մասնակցութեամբ։
Արարողութեան ընթացքին պազիլիքային մէջ պաշտամունքի համար պիտի ցուցադրուին նահատակներուն մասունքները, զոր Թաուատրոս պատրիարքը նուիրած էր Ֆրանչիսկոս Պապին։
Արարողութեան պիտի հետեւի «21. հաւատքի ուժը» վերնագիրով վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը Վատիկանի կինոգրադարանին մէջ։ ֆիլմը, նկարահանուած է նահատակներու ծննդավայրին մէջ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքի հովանաւորութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ