Որոնել

«Մանուկ Յիսուս - Bambino Gesù» մանկական հիւանդանոց «Մանուկ Յիսուս - Bambino Gesù» մանկական հիւանդանոց  (Vatican Media)

Հարիւր տարի առաջ «Մանուկ Յիսուս» մանկաբուժարանը դարձաւ «Քահանայապետի հիւանդանոց»

1924 թուականին հիմնադրուած իտալական առաջին մանկաբուժարանը, որ Սալվաթի դուքսերու կողմէ նուիրաբերուեցաւ Սուրբ Աթոռին, ներկայիս կարևոր յենակէտ է Իտալիոյ, ինչպէս նաև ողջ աշխարհի մանուկներու և պատանիներու բուժումի համար:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Հռոմի «Մանուկ Յիսուս - Bambino Gesù» մանկական հիւանդանոցը, որ ճանչցուած է որպէս «Քահանայապետի հիւանդանոց»՝ կարեւորագոյն յենակէտ է Հռոմի, ողջ Իտալիոյ եւ ողջ աշխարհի մանուկներու եւ պատանիներու բուժումի համար։ Ծնունդ առած է հարիւր տարի առաջ՝ 20 Փետրուար 1924ին, Սալվաթի դուքսերու ընտանիքի՝  Սուրբ Աթոռին նուիրատուութեան շնորհիւ։

Պատմութիւնը

Իտալիոյ մէջ այդ առաջին մանկաբուժարանը հիմնադրուած է սակայն աւելի քան 150 տարի առաջ՝ 1869 թուականին: Մինչ այդ մանուկները կը բուժուէին մեծահասակներու հետ նոյն հիւանդասենեակներու մէջ։ Տասներկու մահճակալներէն բաղկացած հիւանդանոցը տեղակայուած էր Արապելլա եւ Շիբիոնէ Սալվաթի դուքսերուն պատկանող տունին մէջ, որու տնօրինութիւնը վստահուած էր «Սուրբ Վինսենթ տէ Փոլի գթասրտութեան դուստրեր» միաբանութեան միանձնուհիներուն։ Վերջիններս ալ 19 Մարտ 1869 թուականին ընդունած եւ բուժած էին հռոմաբնակ առաջին 4 փոքրիկ այցելուները։ Մինչ Սուրբ Աթոռին նուիրաբերելը, անոր մէջ բուժուած են 33 հազար մանուկներ՝ արտակարգ իրավիճակներով նշանաւորուած պատմական բարդ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին՝ ինչպէս օրինակ 1915ի խոշոր երկրաշարժը Իտալիոյ Ավեցցանօ քաղաքին մէջ, եւ 1918ի սպանական գրիպի համավարակը։

Որպէս «Քահանայապետի հիւանդանոց» «Մանուկ Յիսուս»ը յաղթահարած է նաեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի փորձութիւնները եւ կարեւոր զարգացում ապրած՝ հաստատուելով յաջորդ տասնամեակներու ընթացքին որպէս գիտական ​​հետազօտութիւններու կենտրոն։ 

Յովհաննէս ԻԳ Հիւանդանոց այցելած առաջին Քահանայապետ

Յովհաննէս ԻԳ առաջին Քահանայապետն է որ 1958-ի Դեկտեմբեր 25-ին այցելած է «Մանուկ Յիսուս« Հիւանդանոց, որ ապա աւանդոյթ դարձած է նաեւ Անոր յաջորդած Քահանայապետերուն համար․ Պօղոս Զ այցելած է 1968ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ՝ 1979ին, Պենետիկտոս ԺԶ՝ 2005ին։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր առաջին այցը կատարած է 21 Դեկտեմբեր 2013ին Քահանայապետ ընտրուելէն ետք, իսկ վերջին անգամ՝ 2017ին։

Վիճակագրական տուեալներ

Համաձայն «Մանուկ Յիսուս» հիւանդանոցի պաշտօնական կայքէջի տուալներուն՝ 2022 թուականին շտապ օգնութեան բաժանմունքը գրանցած է շուրջ  95 հազար այցելուներ, 29 հազարը ստացած են հիւանդանոցային բուժում, կատարուած են 32 հազար վիրաբուժական միջամտութիւններ։

Մանկաբուժարանը ներկայիս ճանչցուած է նաեւ գիտական որոնումներու ասպարէզէն ներս. այս առումով ուշադրութեան արժանի են հազուադէպ հիւանդութիւններուն հարող նոր ձեռքբերումները ՝ +28%, որմէ +50%ը ուռուցքային հիւանդութիւններու փորձարարական բուժումներն են, որուն ներգրաւուած են 3.517 նոր հիւանդներ: 2023ին բուժում ստացած են հազուագիւտ հիւանդութիւններ ունեցող 18․000 մանուկներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2024, 12:45