Կարդինալ Քանթալամեսսային հոգեւոր կրթութեան խորհրդածութիւններու երկրորդ եւ երրորդ օրուան նիւթերը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Քահանայապետական Տան քարոզիչ, կարդինալ Քանթալամեսսան Վատիկան Նիուզի միջոցաւ այս շաբթուայ ընթացքին կը ներկայացնէ հոգեւոր կրթութեան խորհրդածութիւններու շարք մը։ Այսօր կը ներկայացնենք երկրորդ եւ երրորդ օրուան մտածականի նիւթերը։
Երկրորդ օրուած խորհրդածութեան նիւթն էր «Աստուծոյ Արքայութիւնը», որուն առնչութեամբ ծիրնաւորը ըսաւ.
«Աւետարանին մէջ Յիսուսի խօսքերը շատ «բարձրորակ» են։ Զանոնք կարելի է համտեսել հաճոյքով երբ կաթիլ կաթիլ ընդունինք զանոնք։ Այսօրուան կաթիլը այն խօսքն է, որ Յիսուս ըսաւ Մարթային՝ որ շատ բաներով զբաղած էր, «Մարթա, Մարթա հոս միայն մէկ բան կայ հարկաւոր» (Ղուկ 10,42)։ Այս խօսքը այժմ ուղղուած է մեզի իւրաքանչիւրիս. Միակ մէկ բան անհրաժեշտ է, եթէ ունիս այդ միակ բանը, դուն ունիս ամէն բան, նոյնիսկ եթէ ուրիշ ոչ մէկ բան ունիս, եթէ անիկա չ՝ունիս, ոչինչ ունիս, նոյնիսկ եթէ ամբողջ աշխարհը քուկդ է։ Ի՞նչ է այդ անհրաժեշտ բանը», հարց տուաւ Կարդինալ Քանթալամեսսան ու պատասխանեց` «800 թուականի հաւատացեալ եւ մեծ փիլիսփայ Soeren Kierkegaardի խօսքերով, «որպէսզի, աւելցու ան չկարծուի, որ միայն մենք քարոզիչներս ենք որ կը հաւատանք այս բանին»։
Ան կ՝ըսէ, «Շատ կը խօսուի վատնուած կեանքերու մասին։ Սակայն վատնուած է լոկ այն մարդու կամ կնոջ կեանքը, որ թոյլ տուաւ իր կեանքը ացնել, խաբուած մնալով կեանքի ուրախութիւններէն եւ անոր մտահոգութիւններէն, առանց երբեք իրազեկ դառնալու, որ գոյութիւն ունի Աստուած մը, եւ թէ ինք կանգնած է այդ Աստուծոյ առջեւ»։(Kierkegaard, La malattia mortale).
«Ի՞նչ է այն այդ միակ անճրաժեշտ բանը», հարց տուաւ դարձեալ Կարդինալ Քանթալամեսան` նշելով որ Յիսուսզանոնք ներկայացուց երկու արակներով. «Թաքնուած գանձը ,որուն համար կ՛արժէ ամէն բան վաճառել, եւ թանկարժէք մարգարիտը, որ զայն ձեռք բերելու համար կ՛արժէ աշխարհիս բոլոր մարգարիտներ ծախել»,( Մատթ 13, 44-45). Միակ անհրաժեշտ բանը Աստուծոյ արքայութիւնն է, այսինքն Աստուած է», ըսաւ Քահանայապետական Տան քարոզիչը։
Քահանայապետական տան քարոզիչին երրորդ խորհրդածութիւնը
Կարդինալ Քանթալամեսսան հոգեւոր կրթութեան երրորդ օրուան խորհրդածութեան մէջ նշեց, թէ «Այսօր ծամելու երրորդ խօսքը, Յիսուսին Ղազարոսին քրոջ ուղղած հարցումն է՝ եղբօրը գերեզմանին առջեւ, «կը հաւատա՞ս ինծի» (Յովհ 11, 26)։
Ասկէ մեկնելով Ծիրանաւորը յորդորեց «Մէկ կողմ ձգել այն բոլոր բաները, որ բերանացի սորվեցանք քրիստոնէական վարդապետութենէն եւ կը կրկնենք հաւատամքին մէջ։ Մտէ՛ք այդ գաղտնի ոլորտին մէջ, ուր միայն դուն եւ Աստուած կաք։ Հարց տուէք. «ես կը հաւատա՞մ»։ Ես իսկապէս հաւատացած եմ անձամբ եւ ոչ թէ երկրորդ կողմի միջոցաւ, նոյնիսկ եթէ անիկայ տիեզերական եկեղեցին է։
Սուրբ Պօղոս կը գրէ սիրտով հաւատալ եւ բերնով խոստովանիլ հաւատամքը, (Հռոմ 10, 10)։ Արդեօ՞ք իմ հաւատքիս դաւանանքը կու գայ խոր սիրտէս։ Հաւատամքը նոր հորիզոններ կը բանայ. Միակը` որ կարող է լուրջ պատասխան տալ մարդ էակի կարեւոր հարցումներուն. 1Ո՞վ եմ ես։ Ո՞ւրտեղէն կու գամ, Ո՞ւր կ՝երթամ» ըսաւ Կարդինալ Քանթալամեսսան ու աւելցուց, «Ելեկտրագիտութեան դարաշրջանը մեզի կ՛առաջարկէ հաւատքի նոր պատկեր մը՝ ինթերնեթի կապը։ Բացէք Google-ի էջը եւ կապուած կ՛ըլլաք։ Ամբողջ վերացական աշխարհը կը բացուի ձեր առջեւ։ Ասոր նման բան մը կը ստացուի հաւատքէն։ Առանց թելերու, առանց ծախսերու։ Կարճ աղօթք մը, պարզ սիրտի շարժում մը, Քրիստոսի պատկերին հայեացք մը, որ ունիս քու առջեւ նստած սեղանին դիմաց, դուք կապուած կ՛ըլլաք։ Կապուած ոչ թէ վերացական աշխարհի հետ, այլ իսկական աշխարհին։ Միակը որ իսկապէս իրական է, որովհետեւ յաւերժական է. Աստուծոյ աշխարհը։ Փորձեցէք եւ պիտի տեսնէք, եթէ ես ճշմարտութիւնը կ՝ըսեմ», ըսաւ կարդինալ Քանթալասմեսսա։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ