Որոնել

Կարդինալ Եու Էունկ Սիք Կարդինալ Եու Էունկ Սիք  

Կարդինալ Եու. Կազմաւորենք աշխարհին լոյս փոխանցող քահանաներ

Վատիկանի մէջ սկիզբ առաւ միջազգային համագումար քահանաներու կազմաւորման թեմայով։ Նախատեսուած է, որ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպի համագումարի մասնակցիներուն հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ 6 փետրուարին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս սկիզբ առաւ քահանաներուն մնայուն կազմաւորման համար,«Վերականգնէ Աստուծոյ պարգեւը որ քու մէջդ է» վերնագիրով միջազգային համագումար, կազմակերպութեամբ Սուրբ Աթոռի Կղերի վերատեսչութեան, համագործակցութեամբ Աւետարանումի վերատեսչութաեան առաջին Աւետարանացման համար եւ նոր տեղական եկեղեցիներու բաժանմունքին եւ Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան։ Համագումարը վերջ պիտի գտնէ շաբաթ 10 փետրուարին։

Միջազգային համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 60 երկիրներէն ժամանած 1000 անձեր եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն՝ Պրազիլէն, Մեքսիքոյէն, Իտալիայէն, Լեհաստանէն, մասնագէտներ։

Յիշեալ Միջազգային գիտաժողովը ուղղուած է թեմական, տարածաշրջանային, ազգային ներկայացուցիչներուն, քահանաներուն մնայուն կազմաւորումի փորձագէտներուն եւ այս նիւթով հետաքրքրուողներուն, որոնք համագումարին աւարտին պիտի ստանան համագումարին մասնակցութեան վկայական մը։

Համագումարը կազմակերպուած է հետեւեալ օրակարգով։Երեքշաբթի, 6 փետրուարին, համագումարին առաջին օրը նուիրուած է «Եզակի կազմաւորման» ունենալով, որպէս նիւթ «Քահանաները փոփոխուող դարաշրջանին մէջ, միսիոներական եւ սիւնհոդասական եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյն օրը Համագումարի բացման արարողութեան աղօթքէն եւ երեք վերատեսուչներու՝ Կարդինալ Լազարօ Եու Հէունկ Սիք, կարդինալ Լուիս Անթոնօ Կոքիմ Թակլէ եւ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթիի արտասանած ողջոյնի խօսքերէն ետք, համագումարի մասնակիցները Սուրբ Պետրոսի տաճարին կը մասնակցին Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի նախագահութեամբ սուրբ պատարագի արարողութեան։

Չորեքշաբթի, 7 փետրուարին, համագումարին երկրորդ օրը նուիրուած է «համապարփակ կազմաւորման», քննարկելով մարդկային, հոգեւոր, մտաւոր եւ հովուական ծառայութեան վերաբերող թեմաներ, յատուկէն «Վերսկսիլ աղբիւրէն. Աստուծոյ եւ Աւետարանի մարդիկ», «Ուղեկցիլ, համապարփակ կազմաւորման համար ուղիներ եւ տարածքներ»թեմաները։

Հինգշաբթի, 8 փետրուարին, համագումարին գլխաւոր նիւթ պիտի ըլլայ «հասարակութեան կազմաւորւում», «Տան մէջ զգալ», «Քահանայի կեանքը եւ քահանայական եղբայրութիւնը» թեմաները։ Նախատեսուած է նաեւ Ֆրանչիսոկս Պապ հանդիպի համագումարին մասնակիցներուն հետ։

Ուրբաթ, 9 փետրուարին պիտի քննարկուին միսիոնարական կազմաւորման վերաբերող թեմաներ։ Իսկ՝ շաբաթ 10 փետրուարին, համագումարին վերջին օրը նախատեսուած է «ձայներ դահլիճէն» ամփոփումի պահ մը, ապա Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ պիտի համապատարագեն համագումարը նախաձեռնող երեք կարդինալները, նախագահութեամբ կղերի վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Լազարօ Եու Հէունկ Սիք։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2024, 12:30