Որոնել

Կարդինալ Քանթալամեսսա Կարդինալ Քանթալամեսսա 

«Զա՛քէ, աճապարէ՛, վա՛ր իջիր»Կարդինալ Քանթալամեսսային հոգեւոր կրթութեան հինգերորդ մտածականը

19էն մինչեւ 24 փետրուար, «Վատիկան Նիուզ»ը ամէն օր՝ իր ընկերային ցանցերու` Իքս, Ֆէյսպուք, Ինսթակրամ եւ Վաթսափ-ի վրայ կ՜առաջարկէ Քահանայապետական Տան քարոզիչ, կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսայի մէկ վայրկեան տեւողութեամբ խորհրդածութիւնները։ Կը ներկայացնենք քահանայապետական տան քարոզիչին հինգերորդ օրուան խորհրդածութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետական Տան քարոզիչ, կարդինալ Քանթալամեսսան Վատիկան Նիուզի միջոցաւ այս շաբթուայ ընթացքին կը ներկայացնէ հոգեւոր կրթութեան խորհրդածութիւններու շարք մը։ Այսօր՝ ուրբաթ, 23 փետրուարին ան ներկայացուց  հինգերորդ օրուան մտածականի նիւթը։

«Յիսուսին այսօրուայ ընկալելիք խօսքը այն խօսքն է` զոր ուղղեց Զակքէոսի, երբ զինք տեաւ ժանտաթզենիին վրայ։ Անցնելով այդտեղէն, Յիսուս վեր նայեցաւ ու հրաւէրի եւ յանդիմանութեան ոճով ըսաւ, «Զա՛քէ, աճապարէ՛, վա՛ր իջիր ատկէ, վասնզի այսօր քու տունդ պիտի իջեւանիմ»։ (Ղուկաս 19, 1-10).

«Զակքէոսը` ես եմ որ խօսիմ եւ դուն ես որ կը լսես» ըսաւ Կարդինալ Քանթալամեսսան նկատել տալով, «Այսօր քու տունդ պիտի իջեւանիմ» խօսքը մեզի համար «կը նշանակէ կ՝ուզեմ ձեր կեանքին մտերմութեան մէջ մտնել» ու թէ Յիսուսին համար բաւարար չէ մեր հետ հանդիպիլ ամբոխին, հրապարակին կամ եկեղեցւոյ մէջ։

Վերյիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը «Evangelii Gaudium» շրջաբերականին սկիզբը. «Կը հրաւիրեմ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, որ կը գտնուի որեւէ վայրի կամ վիճակի մէջ, այսօր՝ վերանորոգելու իր անձնական հանդիպումը Յիսուս Քրիստոսի հետ կամ` նուազագոյնը, որոշում առնելու թոյլ տալու համար որ Յիսուս հանդիպի իր հետ....»։

Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ այս Քրիստոսի հետ, «անձնական հանդիպումը» հարց տուաւ Ծիրանաւորը ու պատասխանեց. «Անիկա կը նմանի մարդու մը հետ անձամբ հանդիպելու՝ տարիներ շարունակ միայն լուսանկարներու միջոցաւ ճանչնալէ ետք։ Անիկա կ՝օգնէ հասկնալու թէ ինչ է տարբերութիւնը, որ տեղի կ՝ունենայ մարդկային ոլորտէն ներս, երբ անձը ճանչնալէ ետք կը սիրահարուինք անոր»։

«Եթէ դուն երիտասարդ կամ երիտասարդուհի ես, ի վիճակի ես այս բանը հասկնալու ուիրշներէն աւելի։ Միայն սիրահարուիլն է, որ կը փոխէ կեանքը։ Ե՛ւ բնականը, ե՛ւ հոգեւորը։ Յիսուսն է սիրահարը, որ երբեք չի հիասթափեցներ»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2024, 13:31