Որոնել

Կարդինալ Քանթալամեսսա Կարդինալ Քանթալամեսսա 

«Դուք իմ բարեկամներս էք» Կարդինալ Քանթալամեսսայի հոգեւոր կրթութեան վեցերորդ մտածականը։

19էն մինչեւ 24 փետրուար, «Վատիկան Նիուզ»ը ամէն օր՝ իր ընկերային ցանցերու` Իքս, Ֆէյսպուք, Ինսթակրամ եւ Վաթսափ-ի վրայ կ՜առաջարկէ Քահանայապետական Տան քարոզիչ, կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսայի մէկ վայրկեան տեւողութեամբ խորհրդածութիւնները։ Կը ներկայացնենք քահանայապետական տան քարոզիչին վերջին օրուան խորհրդածութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետական Տան քարոզիչ, կարդինալ Քանթալամեսսան Վատիկան Նիուզի միջոցաւ այս շաբթուայ ընթացքին կը ներկայացնէ հոգեւոր կրթութեան խորհրդածութիւններու շարք մը։ Այսօր՝ շաբաթ, 24 փետրուարին ան ներկայացուց վեցերորդ օրուան մտածականի նիւթը։

«Այսօր խօսքը զոր կ՝ուզեմ ձեզի շնորհել՝ համտեսելու համար, մեղրի նման քաղցր խօսք մըն է եւ ուրախ եմ որ այդ խօսքով կը փակեմ, որովհետեւ յոյսով եմ, որ այդ խօսքը երկար ժամանակ պիտի շարունակէ արձագանգել ձեր մէջ», ըսաւ Քահանայապետական Տան քարոզիչ, կարդինալ Քանթալամեսսան, շաբաթ, 24 փետրուարին, Պահքի հոգեւոր կրթութեան վեցերորդ մտածականին սկիզբը, դիտել տալով, որ այդ խօսքը Յիսուս ուղղած է առաքեալներուն, անոնցմէ հրաժեշտ առնելէ առաջ, եւ թէ Քրիստոսի ամէն մէկ նման խօսք հասցէագրուած է Քրիսոտսի իւրաքանչիւր առաքեալին, ամէն ժամանակներու մէջ»։

Քահանայապետական Տան Քարոզիչը մէջբերելով Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած Յիսուսի խօսքը. «Դուք իմ բարեկամներս էք...Այլեւս ձեզ ծառայ չեմ կոչեր... սակայն ձեզի բարեկամ կոչեցի, վասնզի յայտնեցի ձեզի ինչ որ Հօրմէս լսեցի», (Յովհ 15,14), նշեց, որ «Շատ տարիներ առաջ աղօթքի հանդիպումի մը ընթացքին կին մը Սուրբ Գիրքը բացաւ եւ կարդաց Յովհաննէս Աւետարանիչի վերոյիշեալ հատուածը ու թէեւ ինք շատ անգամներ լսած էր այդ խօսքը, սակայն այդ պահուն իր մէջ պոռթկաց «բարեկամներ» բառը, «բան մը, որ կը պատահի սուրբ գիրքին խօսքերով եւ միշտ միեւնոյն անձն է որ կը վառէ Պատրոյգը՝ Սուրբ Հոգին», ըսաւ քահանայապետական Տան քարոզիչը աւելցնելով, որ ինք սկսաւ իր մէջ կրկնել Բարեկամ բառը խորհելով. «Նազարէթի Յիսուսը, իմ Տէրս, Ամենակալը, Ան որ ինծի համար մեռաւ, զիս կոչեց բարեկամ եւ ինք երբեք դատարկ խօսքեր չ՝ըսեր... Հետեւաբար ես իսկապէս իրեն համար բարեկամ եմ, սիրելի անձ եմ»։

Կարդինալ Քանթալամեսսան ապա մտածականը աւարտեց մաղթելով, որ իր այդ «բարեկամ» բառը պոռթկայ մտածականներուն հետեւող անձերուն մէջ ու լուսաւորէ բոլորին կեանքը։ «Բարի քառասնորդաց եւ այժմէն իսկ Բարի Սուրբ Զատիկ» ըսաւ Քահանայապետական Տան Քարոզիչը եզրափակելով Մեծ Պահքի Հոգեւոր կրթութեան առիթով ներկայացուցած վեցօրեայ իր մտածականները։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2024, 12:28