Ապու Տապի, Կարդինալ Այուզօ. Հաւատացեալներու միջեւ երկխօսութիւնը տիեզերական եղբայրութեան համար ճանապարհ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Արաբական Միացեալ թագաւորութիւններու մայրաքաղաք, Ապու Տապիի մէջ կը շարունակուին, 4 փետրուար, 2019ին, Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհար Ահմէտ Ալ Թայէպ աւագ իմամին ստորագրութիւնները կրող, Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթի հինգերորդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւնները, որոնց ծիրէն ներս, «Կապուած մեր ընդհանուր մարդկութեան հետ» թեմայով, ւ«Մարդկային եղբայրութեան եւ հանդուրժողականութեան համաշխարհային երկրորդ գագաթնաժողովը», զոր նախաձեռնած ենՄիացեալ Թագաւորութիւններու հանդուրժողականութեան եւ համակեցութեան նախարարութիւն ու մահմետական տարեցներուն խորհուրդը։
Յիշեալ գագաթնաժողովին մասնակիցներուն շարքին եղաւ ի մէջ այլոց Սուրբ Աթոռի միջ կրօնային երկխօսութեան վերատեսուչ, կարդինալ Անճէլ Այուզօ Կիսոն։Ան այս առթիւ արտասանած ելոյթին մէջ խօսքը կեդրոնացուց կրօններու դերակատարութեան վրայ՝ խաղաղութիւն կերտելու եւ զարգացնելու ծիրէն ներս։
Անդրադառնալով ներկայ համաշխարհային իրավիճակին ու մարտահրաւէրներուն ծիրանաւորը խրախուսեց միշտ որոնելու ընդհանուր բարիքն ու մարդկային անձի արժանապատութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատելու որպէսզի միութեան եւ աջակցութեան մէջ եղբայրութեան բալասանը ամոքէ մարդկութեան վէրքերը, ըսաւ Ան։
Ընդգծելով ապա տարբեր դաւանանքներու միջեւ սերտ յարաբերութիւններու եւ հաղորդակցութեան արժէքը կարդինալ Այուզօ նկատել տուաւ, որ «Տարբեր կրօնական աւանդութիւններու հաւատացեալները միասնաբար քալելով միջ կրօնային երկխօսութեան ուղիին վրայ կը կարողանան իսկապէս սատարել տիեզերական եղբայրութեան՝ մեր ապրած ընկերութեան մէջ, դիտել տալով նաեւ որ ժամանակակից պայմանները մարտահրաւէր են նաեւ միջկրօնային երկխօսութեան ու այս առումով քաջալերեց շարունակելու երկխօսութեան ուղեւորութեան մէջ հաստատելով, որ «բոլորս կանչուած ենք հետեւելու անողոք այդ երկխօսութեան ճանապարհին, փորձելով մենք զմեզ օգնել յաղթահարելու համար լարուածութիւններն ու թիւրիմացութիւններ, որոնք կը յառաջացնեն վախ ու ընդդիմութիւն», ըսաւ Ան։
Կարդինալ Այուզօ պատգամը աւարտեց ընդգծելով, որ «Եղբայրութեան երազանքը կը ներառէ ողջ մարդկութիւնը, բայց յատուկ կերպով յանձնուած է տարբեր դաւանանքներու հաւատացեալներուն, որոնք հրաւիրուած են թիկունք կանգնելու աղքատներուն եւ դառնալու վերջիններուն ձայնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ