Որոնել

2022.04.15 card. Konrad Krajewski Via Crucis a Borodjanka Ucraina

Կարդինալ Քրայեւսքի` «Տէր քեզմէ խոնարհաբար կը խնդրեմ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հրաշքը»

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի բռնկման երկրորդ տարեդարձին առիթով Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին առաջարկած է հակամարտութեան մասին խորհրդածութիւն մը։ Ան այս երկու տարիներու ընթացքին, կատարած է եօթը ճամբորդութիւններ դէպի Ուքրանիա, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, տանելով զօրակցութիւն եւ մօտիկութիւն, ուր ուղարկած է նաեւ 240 բեռնատար օգնութիւն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի բռնկման երկրորդ տարեդարձին առիթով Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին առաջարկած է հակամարտութեան մասին խորհրդածութիւն մը՝ ընդգծելով աղօթքի կարևորութիւնը և յիշելով ցուցաբերուած մեծ զօրակցութիւնը վիրաւոր այդ ժողովրդի հանդէպ։

Ան այս երկու տարիներու նթացքին, Ծիրանաւորը կատարած է եօթը ճամբորդութիւններ դէպի Ուքրանիա, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, տանելով զօրակցութիւն եւ մօտիկութիւն, ուր ուղարկած է նաեւ 240 բեռնատար օգնութիւն։

Ճամբորդութիւններու ընթացքին Ծիրանաւորը առիթը ունեցած է մօտէն ծանօթանալու իրադարձութեան ու վիրաւոր այդ ժողովուրդին, «ուր, կը գրէ Ծիրանաւորը խորհրդածութեան մէջ, կան բազմաթիւ որբեր, այրի կիներ ու բազմաթիւ վիրաւորներ։ Ես երկու տարիէ կը տառապիմ անոնց հետ։ Եւ ամէն օր կ՛աղօթեմ խաղաղութեան համար` Տիրոջմէ հայցելով որ մեզ ազատէ ամէն չարէ եւ խաղաղութիւն շնորհէ մեր օրերուն։ Երկու տարիէ ամէն օր կ՜աղօթեմ երկու նախագահներուն ու անոնց խորհրդականներուն համար, որպէսզի նստին սեղանի մը շուրջ. Այս մէկը կը ծառայէ կեանքեր փրկելու։ Եւ մինչեւ այն ժամանակ, որ անոնք այս մէկը չընեն, մահերուն յոյլը պիտի կը շարունակուի»։

Խորհրդածութեան աւարտին Կարդինալ Քրայեւսքին առաջարկած է աղօթք մը որուն մէջ կ՛ըսէ.

“«Տէր, ես խոնարհաբար քեզմէ կը խնդրեմ խաղաղութեան հրաշքը: Դուն, որ Ամենակարող ես, գիտես, որ մեզի պէտք խաղաղութիւն է, այնպիսի խաղաղութիւն մը, որ միայն Դուն կարող ես տալ: Անոնց` որոնք զայն կը խթանեն ու անոր կը նպաստեն, տո՛ւր շնորհքը յարատեւելու բարիին մէջ եւ անոնց` որոնք զայն կը խոչընդոտեն, ըրէ որ գտնեն բժշկութիւնը, հաշտուին Քու եւ եղբայրներուն հետ, հեռանալով չարէն, քանի` որ ամէն պատերազմ միշտ ալ պարտութիւն է»։”

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2024, 09:00