Որոնել

2023.10.24 FOTO BEATA MAMA ANTULA

Մամա Անթուլա` Արժանթինի առաջին սրբուհին (1730 - 1799)

Սրբադասման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Կիրակի 11 Փետրուար 2024ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

María Antonia de Paz y Figueroa, կրօնական անունով Մարիա Անթոնիա Դի Սան Ճուզեփփէ ծնած է Վիլլա Սիլիփիքայի մէջ 1730ին – եւ մահկանացուն կնքած Պուէնըս Այրեսի մէջ, 7 մարտի 1799, եղած է Աստուածային Փրկչի դուստրերու միաբանութեան հիմնադիրը։

Ան պատանեկութիւնէն իսկ սիրեց մենութիւնը և ինքզինք նուիրեց աղօթքին և բարեգործական աշխատանքներուն, թէև ոչ մէկ միաբանութեան անդամակցած էր տասնհինգ տարեկանին կուսութեան ուխտ կը կատարէ եւ կ՛որդեգրէ Յիսուսեան միաբանութեան զգեստի օրինակով զգեստ մը։

Յիսուսեան միաբանութեան հայրերու առաջնորդութեամբ ան կը համախմբէ երիտասարդ կանանց փոքր հասարակութիւն մը և Արժանթինէն Յիսուսեաններու վտարումէն ետքը ան կը շարունակէ անոնց հոգևոր կրթութիւններու գործը ըստ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացիի մեթոտին, կազմակերպելով հոգեւոր կթութիւնները նախ Սանթիակօ տէլ Էսթերոյի մէջ ապա Պուէնըս Այրեսի մէջ ու 1786ին իր շուրջ կը հաւաքէ մի քանի քոյրեր ու սկիզբ կու տայ Աստուածային Փրկչի դուստրերու միաբանութեան

2010ի Յուլիսին Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը կը վաւերացնէ անոր հերոսական առաքինութիւններուն հայող հրամանագիրը մինչ 2016ին Ֆրանչիսկոս Պապը ճանչնալով անոր միջնորդութեամբ կատարուած հրաշք մը զայն կը հռչակէ Երանելի եւ 24 հոկտեմբեր 2023ին կը լիազօրէ Սուրբերու Դատի Վերատեսչութիւնը հրատարակելու Երանուհիին այլ մէկ հրաշքին վաւերականութեան հայող հրամանագիրը, որով զինք կը դասէ Սուրբերու շարքին։

Սրբադասման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Կիրակի 11 Փետրուար 2024ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2024, 10:18