Որոնել

Ժընեւի մէջ Սուրբ Աթոռի մշտական ներկայացուցչութեան կազմակերպած՝ խաղաղութեան համար աղօթքի հանդիպումը Ժընեւի մէջ Սուրբ Աթոռի մշտական ներկայացուցչութեան կազմակերպած՝ խաղաղութեան համար աղօթքի հանդիպումը 

Ժընեւի մէջ Սուրբ Աթոռի առաքելութիւնը կը նշէ Խաղաղութեան համաշխարհային օրը

2009 թուականէ ի վեր ՄԱԿի եւ մասնագիտացած հաստատութիւններու գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական ներկայացուցչութիւնը ամէն տարի կը կազմակերպէ խաղաղոթւեան համար աղօթքի հանդիպում Լոզանի, Ժընեւի և Ֆրիպուրկի թեմին հետ՝ միջազգային հանրութեան եւ տարբեր կրօնական ուղղութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ խորհրդածելու համար խաղաղութեան նիւթի մասին։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ կապակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամին այս տարուայ նիւթը եղաւ «Արհեստական բանականութիւն եւ խաղաղութիւն» որ խորհրդածութեան նիւթ դարձաւ Ժընեւի դիւանագիտական հասարակութեան, Ժընեւի մէջ Սուրբ Աթոռի մշտական ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ 30 Յունուարին, Զուիցերիոյ մայրաքաղաքի «San Nicola di Flue» եկեղեցիէն ներս, Միջկրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ, Կարդինալ Միկէլ Անճել Այուզօ Կիսոյին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ դեսպաններու, տարբեր միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան ղեկավարներու, դիւանագիտական​​առաքելութիւններու անձնակազմի ներկայութեամբ: Անոնց հետ միասին՝ քրիստոնէական, հրէական, մահմեդական եւ պուտտայական համայնքներու կրօնական ներկայացուցիչներ, հասարակական կազմակերպութիւններու պատուիրակներ, թեմի հաւատացեալներ եւ Ժընեւի մէջ Սուրբ Աթոռի առաքելութեան անձնակազմը:

Ժընևի մէջ ՄԱԿի եւ մասնագիտացած հաստատութիւններու գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի Մնայուն Դէտ` Գերապ. Էթթորէ Պալեսթրերոն կատարեց միջոցառումին բացումը։ Ապա Կարդինալ Այուզօ Կիսոն Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ այս տարուայ նիւթին հայող իր խորհրդածութեան մէջ ընդգծեց, որ միայն այն պարագային, եթէ արհեստագիտական առաջընթացն ուղեկցուի բարոյագիտական միջավայրով՝ ներշնչուած մարդկային անձի արժանապատւութենէն, ընդհանուր բարօրութենէն եւ եղբայրութենէն, կարող է ծաղկիլ խաղաղութեան մշակոյթը եւ հնարաւոր է աւելի լաւ աշխարհ։

Աւարտին բաժնուեցան ձիթենիի ճիւղեր՝ որպէս յիշատակ միջոցառումէն եւ նշան՝ խաղաղութեան համար համատեղ ջանքերուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2024, 10:35