Որոնել

Քարավաճօ «Վար առնում», (© Վատիկանեան Թանգարաններ) Քարավաճօ «Վար առնում», (© Վատիկանեան Թանգարաններ) 

Մեծ Պահքը Վատիկանեան Թանգարաններէն ներս

Վատիկանեան Թանգարաններու կողմէ Քառասնորդացի ողջ շրջանին վեց շաբաթ օր շարունակաբար՝ սկսած 17 Փետրուարէն, կ’առաջարկուի յատուկ շրջագայութիւն՝ որպէսզի այցելուները կարողանան մօտէն ծանօթանալ վատիկանեան հաւաքածուի՝ Տիրոջ Չարչարանքի եւ Յարութեան դրուագներ պարունակող գործերուն։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Սկսեալ 17 Փետրուարէն, Քառասնորդացի ողջ շրջանին, Վատիկանեան Թանգարանները վեց Շաբաթ օր անընդմէջ հնարաւորութիւն կու տան այցելուներուն՝ աւելի մօտէն ծանօթացնելու վատիկանեան հաւաքածուի այն գործերուն, ուր պատկերուած են Տիրոջ Չարչարանքի եւ Յարութեան դրուագները։ Նախատեսուած է ուղեկցութիւն՝ իտալերէն կամ անգլերէն լեզուներով։

Թանգարանային երթուղին կ’ընթանայ Յիսուսի կեանքի կեդրոնական իրադարձութիւնները պատկերող գործերու ընդմէջէն՝ սկսած առաջին քրիստոնեաներու դամբաններէն, ուր պատկերուած են Չարչարանքի եւ Յարութեան դրուագները, մինչեւ Վատիկանի Արուեստի Պատկերասրահին մէջ պահուող գլուխ գործոց գեղանկարները՝ առաջին հերթին Քարավաճոյի խաչէն «Վար առնումը», ուր այնքան իրատեսական եւ յուզիչ կերպով պատկերուած է մեռած Քրիստոսի դալկահար մարմինը։ Երթուղին կ’անցնի ապա թանգարաններու տարբեր յարկաբաժիններու ցուցասրահներով եւ՝ պատմական, գեղարուեստական եւ հոգեւոր տեսանկիւնէ այս իւրայատուկ ու եզակի «ճամբորդութիւնը», իր աւարտը կը գտնէ, բնականաբար, աշխարհահռչակ Սիքստինեան Մատրան մէջ՝ ուր քրիստոնէական յոյսի յաղթանակը կը ցոլայ Միքելանճելոյի «Վերջին դատաստանի» ընդմէջէն։

Այցելութիւնը բաց է բոլորի համար (բացառութեամբ վեց տարին չբոլորած մանուկներուն)։ Բոլոր հնարաւորութիւնները ստեղծուած են նաեւ զգայական, շարժողական եւ մտաւոր հաշմանդամութիւնն ունեցող անձերու այցելութեան համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2024, 11:30