Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին եւ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերճօ Մաթթարելլա Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին եւ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերճօ Մաթթարելլա  (Vatican Media)

Սուրբ Երկիր. Զայրոյթ կոտորածին համար. Լուծումի մը համար քաջութիւն պէտք է

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հարցազրոյցը լրագրողներու հետ Իտալիոյ եւ Վատիկանի միջեւ կնքուած Լատերանեան դաշինքի 40-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած աւանդական հանդիպումի աւարտին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 13 փետրուարին, յետմիջօրէին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի գլխաւորութեամբ, Վատիկանէն ժամանած պատուիրակութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ Իտալիոյ եւ Վատիկանի միջեւ կնքուած Լատերանեան դաշինքի 40-րդ տարեդարձի առթիւ կազմակերպուած աւանդական հանդիպումին, զոր տեղի ունեցաւ Palazzo Borromeo պալատին մէջ եւ որուն իրենց մասնակցութիւն բերին նաեւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ, Սերճօ Մաթթարելա ինչպէս նաեւ վարչապետուհի Ճորճիա Մելոնին

Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ ծիրանաւորին եւ լրագրողներու միջեւ դռնփակ հարցազրոյց որուն ընթացքին քննարկուեցան տարբեր նիւթեր ներառեալ կեանքի աւարտը, ընտանեկան քաղաքականութիւնը, Յոբելինական տարին եւ աշխարհի մէջ բռնկուած հակամարտութիւնները։

Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակը

Մեկնաբանելով Միջին Արեւելքի մէջ ներկայ իրավիճակը, յատուկէն Կազայի մէջ ուր մինչեւ այսօր արձանագրուած է աւելի քան 30 հազար մեռեալ, կարդինալ Փարոլին ընդգծեց ըսելով, «Մենք կը խնդրենք, որ Իսրայէլի պաշտպանութիւնը, որ վկայակոչուած է այս գործողութիւնը արդարացնելու համար ըլլայ համաչափ եւ ոչ թէ 30 հազար մահուան դէպքերով, ու այդ խնդիրներու լուծում գտնելը շատ աւելի դժուար է, բայց մենք կը փորձենք մեր ներդրումը ունենալ, որ կարող է դրական ըլլայ եւ ճանապարհներ նախաձեռնել՝ խաղաղութեան գործընթացին համար

Կարդինալ Փարոլին ապա յիշելով Սուրբ Օգոստոսի այն խօսքը, որ յոյսը հիմնուած է զայրոյթի եւ քաջութեան վրայ հաւաստիացուց, որ բոլորս զայրացած ենք ամէն ինչէն, որ տեղի կ՝ունենայ՝ այդ կոտորածէն, սակայն պէտք ենք քաջութիւնը ունենալ յառաջ երթալու եւ երբեք չյուսահատուիլ, որովհետեւ եթէ մեր յոյսը կորսնցնենք մեր ձեռքերը կը ծալած կը մնանք, փոխարէնը պէտք է պայքարիլ մինչեւ վերջ եւ պէտք է մեր ներդրումն ու նպաստը տալ հնարաւորութեան սահմաններէն ներս։

Յիսուս Մանուկ մանկաբուժարանի նոր աթոռը եւ յոբելինական տարի

Հարցազրոյցի ընթացքին անդադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ միջեւ կնքուած վերջին համաձայնութեան, Հռոմի Ֆորլանինի շրջանին մէջ նախատեսուած Յիսուսի Մանուկ մանկաբուժարանի նոր աթոռի վերաբերեալ։ Արածուեցաւ նաեւ յառաջիկայ 2025 թուականին յոբելինական Սուրբ տարուան թեման, որուն մասին կարդինալ Փարոլին դիտել տուաւ, որ ժամանակը շատ նեղ է, սակայն յոյս կայ որոշ արդիւնքներու հասնելու ու Իտալիոյ եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ գոյութիւն ունի համագործակցելու կամքը ընդհանուր բարիքին համար։

Յայտնենք, թէ Կարդինալ Փարոլինի գլխաւորած սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան մաս կազմեցին Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահ, կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին, Իտալիոյ մէջ Պապական Նուիրակ, կարդինալ Էմլ Փոլ Չեռիկ, Պետական քարտուղարութեան տեղակալ, Գերապայծառ Էտկար Փենա Փառա, Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղար, գերապայծառ Ճուզէփփէ Պաթուրի,Կարդինաթ Ճանֆրանքօ Ռավազի եւ Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի եւ կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2024, 13:50