Որոնել

Փուշի կողքին խաչ Փուշի կողքին խաչ  

Կրօնական ազատութիւնը խախտուած է գրեթէ աշխարհի մէկ երրորդ երկիրներու մէջ

Ժընեւի մէջ կը գումարուի մարդկային իրաւունքներուն խորհուրդի 55-րդ նստաշրջանը։ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ, արքեպիսկոպոս Պալեսթրերօ կ՝ահազանգէ աշխարհի մէջ մարդկային իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներու մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Աշխարհի մէջ տակաւին բազմաթիւ են մարդկային իրաւունքներու, ազատութեան, միտքի եւ խիղճի խախտումները եւ հաւատացեալներու նկատմամբ խտրականութիւնն ու հալածանքները կը շարունակուին աճիլ։ Այս մասին ահազանգ հնչեցուց ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ, գերապայծառ Էթթորէ Պալեսթրերօ, մարդկային իրաւունքներուն խորհուրդի գումարած 55-րդ նստաշրջանի ընթացքին։

Առաքելական նուիրակը ընդգծեց, որ «Կրօնական ազատութիւնը ոտնահարուած է աշխարհի գրեթէ մէկ երրորդ երկիրներուն մէջ» եւ ներգրաւուած են գրեթէ 4,9 միլիառ անձեր՝ «Օգնութիւն եկեղեցւոյ որ կը տառապի» բարեսիրական հիմնարկի տուեալներու համաձայն, մինչ որոշ արեւմտեան երկիրներու մէջ կրօնական գրաքննութիւնն ու խտրականութիւնն կ՝իրականացուին հանդուրժողականութեան եւ ներառականութեան հովանիին ներքոյ եւ իսկ ատելութեան խօսքի դէմ պայքարի ուղղուած օրէնսդրութիւնը յաճախ օգտագործուած է՝ կասկածի տակ դնելու համար միտքի ազատութեան, կրօնքի եւ խիղճի ազատութեան իրաւունքը։

Վատիկանի դիւանագէտը մաղթեց, որ մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի աշխատանքներու ընթացքին բացայայտուին եւ քննարկուին մարդկային հիմնական իրաւունքներու շարունակուող խախտումները, ճշտուին բուն պատճառները եւ ձեռնարկուին անոնց վերջ տալու գործօն միջոցները։

Մարդկային իրաւունքներու արժանապատուութիւնը որոշումներու կեդրոնէն ներս

Գերապայծառ Պալեսթրերօ ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Laudate Deum» շրջաբերականին շեշտեց, որ պէտք է «համաշխարհային մեքենականութեամբ աճիլ բնապահպանական, առողջապահական, ընկերային մարտահրաւէրներու դիմաց, առաջին հերթին ամրապնդելու համար մարդկային ամենահիմնական իրաւունքներուն յարգանքը, «կիրարկելով որոշումներու գործընթացի եւ այդ որոշումներուն օրինակացման համար նոր ընթացակարգ»։ Այս բոլորը կեդրոն զետեղելով մարդկային անձի արժանապատուութիւնը, որ մարդկային իրաւունքներուն տիեզերական յայտարարութիւնը,կը ճանչնայ որպէս խաղաղութեան, մարդու իրաւունքներուն, արդարութեան, ազատութեան հիմքը։

Արհեստական բանականութիւնն ու մարդու հիմնական իրաւունքները

Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտին համար, «մարդկային արժանապատուութիւնը պէտք է դառնայ նաեւ արուեստական բանականութեան զարգացման եւ օգտագործման առաջնորդող սկզբունքը » եւ այս ոլորտէն ներս առաջընթացները պէտք են յարգել մարդկային հիմնական իրաւունքները, ծառայել մարդկային ներուժին եւ չմրցակցի անոր հետ, «Պէտք են նպաստել անձնական յարաբերութիւններուն, եղբայրութեան, քննադատական մտածողութեան եւ զատորոշումի կարողութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/02/2024, 10:40