Որոնել

«Սորվեցուր մեզի աղօթել» վերտառութեամբ Աւետարանումի Վերատեսչութեան կողմէ պատրաստուած ուղեցոյց «Սորվեցուր մեզի աղօթել» վերտառութեամբ Աւետարանումի Վերատեսչութեան կողմէ պատրաստուած ուղեցոյց  

Աղօթքով լաւ պատրաստուելու համար Յոբելինական սուրբ տարուան ուղեցոյց

Առցանց հասանելի է«Սորվեցուր մեզի աղօթել» վերտառութեամբ Աւետարանումի Վերատեսչութեան կողմէ պատրաստուած ուղեցոյց մը դա մաս կը կազմէ շարք մը միջոցներու ,որոնք մտածուած են հաւատացեալները դէպի Սուրբ Տարի առաջնորդելուու բաժնուած երեք մասերու ՝ նուիրուած ծխական համայնքներուն, ընտանիքներուն, վանականներուն, հոգեւոր կրթութիւններուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ի նախապատրաստութիւն 2025 յոբելինական սուրբ տարուան, Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը 2024 տարին հռչակեց աղօթքի տարի՝ լաւ պատրաստուելու համար։ Այս ուղղութեամբ Աւետարանումի վերատեսչութիւնը պատրաստեց «Սորեցուր մեզի աղօթելու» վերտառութեամբ ուղեցոյց մը, զոր մօտ օրէն հասանելի պիտի դառնայ առցանց Իտալերէն, Սպաներէն, ֆրանսերէն, Փորթուկալեէն, Անգլերէն լեզուներով։ Յիշեալ ուղեցոյցը մաս կը կազմէ շարք մը միջոցներու, որոնք մտածուած են ծխական համայնքները, քրիստոնեաները, հաւատացեալներէ դէպի սուրբ Տարի առաջնորդելու։

Ղուկաս Աւետարանի 11-րդ գլուխէն քաղուած տիտղոսակիր հատորը, ներշնչուած է Ֆրանչիսկոս Պապին վարդապետութենէն ու հրաւէր է բազմապատկելու աղօթքը՝ որպէս անհատական երկխօսութիւն Աստուծոյ հետ՝ կարենալ մտածելու համար անձնական հաւատքի եւ առկայ աշխարհի մէջ մեր գործերու մասին այն տարբեր շրջանակներէն ներս ուր կանչուած ենք ապրելու, որպէսզի բորբոքի ժամանակակից մարդոց աւետարանումի եռանդը։ Ուղեցոյցը կ՝առաջարկէ նաեւ խորհուրդներ եւ ցուցմունքներ Աստուծոյ հետ երկխօսութիւնը լիովին ապրելու համար՝ ուրիշներու հետ յարաբերութեան մէջ ու բաժնուած է տարբեր մասերու։

Աղօթքը կողմնացոյց, որ կողմնորոշէ

Հրատարակութեան ներածական էջերուն մէջ կը յիշուի, որ «Իր քրիստոնէական վարդապետութիւններու մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շատ անգամ նշած է թէ ինչպէս աղօթքը՝ մեր անձերու ամենախոր ճշմարտութեան հետ շփուելու ճանապարհն է, ուր ներկայ է միեւնոյն Աստուծոյ ճրագը։ Ուղեցոյցին մէջ ընդգծուած է յամառութեամբ աղօթելու ֆրանչիսկոս Պապին քաջալերանքը, որովհետեւ յարատեւ աղօթքը կը կերպարանափոխէ ոչ միայն անհատը այլ անոր շրջապատող հասարակութիւնը, նոյնիսկ այնտեղ ուր կը թուի թէ չարը կը գերիշխէ։

“«Աղօթքը ուստի իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար ըլլայ կողմնացոյց մը` որ կը կողմնորոշէ, լոյսը` որ կը լուսաւորէ ուղին և ուժը`որ կ՛աջակցի ուխտագնացութեան, որ պիտի առաջնորդէ դէպի Սուրբ դուռէն անցնիլը»:”

Ուղեցոյցին առաջին գլուխը յատկացուած է «Աղօթքի մասին Ֆրանչիսկոս Պապին ուսուցման» եւ երկրորդ` գլուխը տարբեր ձեւերով աղօթելու, մինչ յաջորդ գլուխները կը վերաբերին, «ծխական հասարակութեան մէջ աղօթքի, ընտանիքի աղօթքի, երիտասարդներուն աղօթքի, աղօթքի մասին հոգեւոր կրթութիւններուն, աղօթքի քրիստոնէական վարդապետութիւններուն, սրբավայրերու մէջ աղօթքի եւ Յոբելինական Սուրբ Տարուան հաւատացեալներուն աղօթքի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2024, 11:47