Որոնել

Իտալական Սանթա Մարիա եկեղեցին վերաբացուեցաւ  յարձակումէն մէկ օր վերջ Իտալական Սանթա Մարիա եկեղեցին վերաբացուեցաւ յարձակումէն մէկ օր վերջ  (ANSA)

Կը վերաօծուի ահաբեկչական արարքի թիրախ ու սրբապղծուած Պոլսոյ Սանթա Մարիա եկեղեցին։

Պոլսոյ Առաքելական փոխանորդութիւնը տարածեց յայտարարութիւն մը տեղեկացնելով, որ ահաբեկչական արարքին թիրախ եւ սրբապղծուած Պոլսոյ Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ մէջ հիգնշաբթի մէկ փետրուարին տեղի կ՝ունենայ նոր խորանի մը օծումը ու աղօթք կը կատարուի եկեղեցւոյ մէջ սպաննուած Թուրքիոյ քաղաքացի Uncer Cihal-ը հոգիին հանգստեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Պոլսոյ Լատինաց Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի սուրբ պատարագ եւ կը կատարուի եկեղեցւոյ օծումը, անցեալ կիրակիր օր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքէն ետք։ Լուրը կը կարդանք Պոլսոյ Առաքելական փոխանորդութեան տարածած յայտարարութեան մէջ։

Յիշենք թէ անցեալ կիրակի օր՝ 28 յունուարին Պոլսոյ Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագի ընթացքին երկու դիմակաւոր անձեր կրակ բացին ու այդ պատճառով սպաննուեցաւ Uncer Cihal. անունով 52 ամեայ Թուրքիոյ քաղաքացի մը:

Պոլսոյ Առաքելական փոխանորդութեան տարածած յայտարարութեան մէջ կը կարդանք, որ անցեալ 28 յունուարին կիրակի օր Պոլսոյ Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագի ընթացքին կատարուած սարսափելի ահաբեկչական եւ սրբապղծութեան արարքէն ետք, Հինգշաբթի մէկ փետրուարին երեկոյեան ժամը 7ին, եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի սուրբ Պատարագ եւ կը կատարուի եկեղեցւոյ վերաօծումը ու աղօթք պիտի կատարուի հանգուցեալ Թուրքիոյ քաղաքացի Uncer Cihal ի հոգիին համար, նախագահութեամբ Թուրքիոյ մէջ պապական նուիրակ, արքեպիսկոպոս Մարէք Սոլչինսքիին եւ Պոլսոյ մէջ առաքելական փոխանորդ, գերապայծառ Մասիմիլիանօ Փալինուրօ։

Յայտնենք, թէ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը 28 յունուարին Պոլսոյ կաթողիկէ Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած կրակոցի հետ կապ ունենալու կասկածանքով ձերբակալեց է 47 անձեր, ու ձերբակալուածները տեղափոխուեցան անվտանգութեան վարչութիւն։

Պոլսոյ առաքելական փոխանորդ, գերապայծառ Մասիմիլիանօ Փալինուրօ պատգամին մը մէջ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր ոստիկաններուն յատուկէն ներքին գործօց նախարար՝ Տիար Ալի Էրլիքայանին որ կարճ ժամանակահատուածին կարողացաւ ձերբակալել միջադէպի յանցաւորները ու անոր կապուած անձերը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2024, 12:19