8 եւ 9 Մարտ 2024ին տեղի կ՛ունենայ «24 ժամ Տիրոջ հետ» Մեծ Պահքի աղօթքի եւ հաշտութեան ձեռնարկը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով տասնմէկ տարիներ առաջ սկսած Քառասնորդաց շրջանի «24 ժամ Տիրոջ հետ» աղօթքի եւ հաշտութեան ձեռնարկը այս տարի նախատեսուած է յառաջիկայ ուրբաթ 8 եւ շաբաթ 9 Մարտին, ըստ լատինաց Քառասնորդաց շրջանի չորրորդ կիրակիի նախօրեակին։
Այս տարուայ ձեռնարկի բնաբանը քաղուած է Սուրբ Պօղոս առաքեալի Հռովմէացիներուն ուղղած թուղթի վեցերորդ գլուխէն «Քալել նոր կեանքի մէջ»
Ի պատրաստութիւն մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին, վերոնշեալ թուականներուն եկեղեցական հասարակութիւններուն կ՛առաջարկուի եկեղեցիներու դռներու արտակարգ բացումը հաւատացեալներուն առիթ ընծայելով աղօթելու եւ խոստովանանքի խորհուրդին մօտենալու, որ է հաշտութեան խորհուրդը։
Այս տարուայ ձեռնարկը մաս կը կազմէ նաեւ Աղօթքի Տարուան, զոր Քահանայապետը հռչակեց 2025ի Յոբելենական տարւոյն որպէս պատրաստութեան տարի որուն ընթացքին ապրիլ աղօթքի ու ներումի փորձառութիւնը։
«24 ժամ Տիրոջ հետ» ձեռնարկին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը ծիսական արարողութիւնը պիտի գլխաւորէ Հռոմի Սուրբ Պիոս Ե ժողովրդապետութեան մէջ, ուրբաթ 8 Մարտի երեկոյեան, որուն առիթով պիտի մատարակրարուի նաեւ Խոստովանանքի Խորհուրդը բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին ընդունիլ այդ հաշտութեան Խորհուրդը։ Ֆրանչիսկոս Պապը եւս պիտի ըլլայ խոստովանանքը մատակարարողներու շարքին։
Եկեղեցիներուն բաց դռները Աստուծոյ ողորմած սիրոյ խորհրդանիշն են: Նախապատրաստուելու համար «24 ժամ Տիրոջ համար» ձեռնարկը ՝ Աւետարանութեան Վերատեսչութիւնը հրատարակած է հովուական ուղեցոյց մը, որ կը պարունակէ բացիկներ անձնական աղօթքի և համայնքներու մէջ ծիսակատարութիւններուն համար:
Արդարեւ կը նորոգուի Իտալիոյ և ամբողջ աշխարհի թեմերուն և ծուխերուն ուղղուած առաջարկը, որ աղօթքի պահը տօնեն իրենց համայնքներուն մէջ։
Ուղեցոյցը հասանելի է անվճար՝ իտալերէն, անգլերէն, սպաներէն, փորթուկալներէն, լեհերէն և ֆրանսերէն տարբերակներով, Վերատեսչութեան կայքին էջերուն մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ