Որոնել

2018.11.15 Terra Santa, Betlemme, basilica, chiesa, campanile, luce

Այնպէս ըրէք որ քրիստոնեաներու ճիչը անլսելի չմնայ եւ անոնք զգան Եկեղեցւոյ զօրակից սիրտը․ Կարդինալ Կուճերոթթի

Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը նամակ յղած է աշխարհի եպիսկոպոսներուն՝ 2024 թուականին Սուրբ Երկրի ի նպաստ դրամահաւաքին առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ, Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին նամակ-կոչ յղած է աշխարհի եպիսկոպոսներուն ՝ Սուրբ Երկրի ի նպաստ ամէնամեայ դրամահաւաքի առթիւ։

«2024 թուականի Մոխրոց Չորեքշաբթի» օր, թուակիր նամակը կը սկսի 122 Սաղմոսէն մէջբերումով. «Եւ ահա, մեր ոտները կ՛կանգնեն քո դռներումը, ով Երուսաղէմ»։

Շատ կը փափաքէինք, որ Սաղմոսի բառերը նկարագրէին այսօրեայ իրականութիւնը, սակայն շատ ուխտաւորներ հեռու են իրենց երազանքներէն, Սուրբ Երկրի բնակիչները կը շարունակեն տառապիլ ու մեռնիլ եւ «համայն աշխարհի մէջ կը հնչէ մահաբեր զէնքերու մռնչիւնը», գրած է Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը։

Ան ակնարկած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութեան ու կոչերուն ուղղուած Սուրբ Երկրի հակամարտութեան մէջ ներգրաւած բոլոր կողմերուն, յորդորելով բարի կամքի տէր մարդիկը գործելու ի նպաստ խաղաղութեան եւ իւրաքանչիւր անձի սրբութեան՝ այս ուղղութեամբ յիշելով 12 Նոյեմբեր 2023-ին Մարեմեան աղօթքի աւարտին Իսրայէլի ու Պաղեստինի մէջ տիրող մտահոգիչ կացութեան հայող Քահանայապետին կոչը «Կը բաւէ։ Կը բաւէ։ Եղբայրներ` ալ կը բաւէ»։

Կարդինալ Կուճերոթթին՝ պատմական անդրադարձ կատարելով, շեշտած է նաեւ Եկեղեցւոյ կողմէ դեռեւս իր պատմութեան ակունքներէ մշակած զօրակցութիւնը Երուսաղէմի Եկեղեցւոյ, ինչը արտայայտուած է Սրբազան Քահանայապետերու կողմէ Սուրբ Վայրերուն ի նպաստ կանոնաւոր դրամահաւաքի միջոցաւ ուշ միջնադարէն սկսեալ։

Ըստ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչի՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պարտքն է Սուրբ Երկրի համար օգնութիւն առաջարկել «Քահանայապետական դրամահաւաքով, որ կը կազմակերպուի Աւագ Ուրբաթ օրը, իսկ որոշ տարածքներու մէջ՝ նաեւ այլ օրերուն՝ ակնկալելով առատաձեռն մասնակցութեան, քանզի Յիսուսը տեսած այդ Սուրբ Վայրերը, այսօր ալ կը պահպանուին քրիստոնեաներու կողմէ, որոնք կը գործեն հազար ու մի ողբերգութիւններու ու դժուարութիւններու պայմաններուն մէջ, որոնք յաճախ պատճառ են երկրագունդի հզօրներու եսասիրութեան։

Կարդինալ Կուճերոթթին կը հաստատէ նաեւ, որ շատերը պատմութեան ընթացքին մարտիրոսացան` «որպէսզի չտեսնեն իրենց հին քրիստոնէութեան արմատները կտրուած»։ Սակայն այսօր շատեր այլեւս ուժ չունենալով եւ յոյսի փնտռտուքով «կը լքեն այդ վայրերը, ուր իրենց հայրերը եւ մայրերը աղօթած ու վկայած են Աւետարանը»։

«Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ շատ այլ հողերու քրիստոնեաները կը դիմեն մեզի եւ կը խնդրեն մեզմէ․ « Օգնեցէք մեզի տարածել Քրիստոսի անուշ հոտը Արեւելքի մէջ (Բ Կորնթացիս 2:15)», կը շարունակէ գրել իր նամակին մէջ Ծիրանաւորը եւ կը դիմէ «սիրելի եպիսկոպոս եղբայրներուն» ՝ որպէսզի այդ ճիչը անլսելի չմնայ եւ որպէսզի հնարաւորութիւն տրուի Սրբազան Հօրը՝ աջակցելու տեղական Եկեղեցիներուն վկայելու իրենց հաւատքը։ Կը հետեւի ապա անոր յորդորը․ «Այնպէս ըրէք, որ զգան Եկեղեցւոյ զօրակից սիրտը»։

Վսեմաշուք Կարդինալը իր գիրը կ’աւարտէ Ֆրանչիսկոս Պապի անունով շնորհակալութիւն յայտնելով Ֆրանչեսկեան միաբանութեանը, գթասիրութեան կամաւորներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կ’աղօթեն եւ կը նպաստեն յանուն Սուրբ Երկրի եւ անոր բնակիչներու։

Աւելցնենք, որ Սուրբ Երկրի պահակութիւնը դարեր շարունակ նուիրուած է Յիսուսի Երկրի եւ ողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան սուրբ վայրերու պահպանմանն ու վերակենդանացմանը՝ շնորհիւ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան առատաձեռն գործունէութեան։ Այդ առաքելութեան հիմնական նպատակներէն են այնտեղ ապրող քրիստոնեայ փոքրամասնութեան աջակցութիւնը, հնագիտական ​​տարածքներու եւ սրբավայրերու պահպանութիւնն ու արժէքաւորումը, առաքելական գործերը եւ ուխտաւորներուն աջակցութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2024, 12:44