Գերապայծառ Կալլակէրը Յորդանանի մէջ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Երկուշաբթի 11 Մարտէն մինչեւ հինգշաբթի 14 Մարտ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր կը գտնուի Յորդանան, Սուրբ Աթոռի եւ Յորդանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30րդ տարեդարձին առիթով։
Վատիկանի ներկայացուցիչին օրակարգը կը նախատեսէ պատարագ Սուրբ Երկրի մէջ կաթողիկէ վիճակաւորներուն հետ, Յիսուսի Մկրտութեան վայրի այցելութիւն, Թագաւորին հետ հանդիպում ու այցելութիւն Կազայի ի նպաստ օգնութիւններու կեդրոնին ինչպէս նաեւ հանդիպում Տիար Ֆիլիփ Լածծարինի հետ որ է ՄԱԿ-ի Մերձաւոր Արևելքի մէջ պաղեստինեան փախստականներու օգնութեան և աշխատանքի գործակալութեան Գլխաւոր յանձնակատարը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ