Որոնել

Արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր 

Արք Կալլակեր. «Պատերազմները դադրեցնելու համար բանակցութիւննեու կարիք կայ եւ պաշտպանութիւնը կը կատարուի ժողովուրդներու միջեւ համաձայնութիւններու միջոցաւ

Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր, հարցազրոյց ունեցաւ Իտալական Ռայ Ունօ կայանի TG1 լրատուական ծրագիրը ներկայացնող լրագրողին հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր, երեքշաբթի, 26 մարտին, հարցազրոյց ունեցաւ Իտալական Ռայ Ունօ կայանի լրատուական ծրագիրը ներկայացնող լրագրողին հետ։ հարցազրոյցին ընթացքին գերապայծառը զրուցեց աշխարհը յուզող ժամանակակից հարցերուն մասին. Մոսկուայի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքէն սկսեալ մինչեւ Ուքրանիոյ եւ Սուրբ Երկրի մէջ բռնկուած պատերազմները։ Ան ապա յիշեց Քէյթ իշխանուհին եւ խօսեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան մասին յարելով, որ «Քահանայապետը ուժեղ եւ վճռական է, որ միշտ զարմացնելու կարողութիւնը ունի»։

Մոսկուայի մէջ ահաբեկչութիւնը

Գերապայծառ Կալլակեր հարցազրոյցը սկսաւ զրուցելով Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքին մասին. «Սարսափելի բան մը, որ պէտք է մեզ ստիպել մտածելու, որովհետեւ մեր ընկերութեան մէջ կան տարրեր որոնք կ՝ուզեն քանդել եւ տառապանք պատճառել։ Երկիր մը, որ կը տուժէ նման վնասուածքի ողբերգութենէն, կրնայ նաեւ շատ խիստ արձագանգել, ինչպէս Իսրայէլը արձագանգեց անցեալ 7 հոկտեմբերէն ետք«, ըսաւ գերապայծառը դիտել տալով որ այսօր պակասը կայ մեծ կազմակերպութիւններու հանդէպ վստահութեան, ինչպէս ՄԱԿ-ը, ԵԱՀԿ-ը եւ միեւնոյն Եւրոպան,« մեր աշխարհի սիւները տասնեակ տարիներէ ի վեր, որոնք այժմ ի վիճակի չեն դիմակայել այդ լուրջ մարտահրաւէրները։

Ուքրանիոյ Մէջ պատերազմը

Գերապայծառ Կալլակեր անդրադառնալով Ուքրանիոյ մէջ բռնկուած պատերազմին յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին կոչը՝ դէպի բանակցութեան ճանապարհը, «Քահանայապետը միշտ ըսած է, որ պատերազմները վերջ կը գտնեն բանակցութիւններու սեղանի շուրջ։ Կը կարծեմ որ Պապը ուզեց քաջալերել Ուքրանական կողմը՝ երկխօսութեան երկրի բարիքի համար։ Միեւնոյն ժամանակ Սուրբ Աթոռը միշտ յստակ եղաւ Ռուսական կողմին հետ՝ խնդրելով անորմէ, որ իրենք եւս նոյնպէս այս առումով ազդանշաններ ուղարկեն՝ սկսած ուքրանական տարածքի վրայ հրթիռներու արձակումը դադրեցնելէ»

Պաշտպանութիւնը միայն զէնքի խնդիր չէ

Պատասխանելով լրագրողին Եւրոպական պաշտպանական նախագիծի վերագործարկման վերաբերեալ հարցումին Վատիկանի դիւանագէտը ըսաւ որ «Եւրոպան պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ իր պաշտպանութեան համար» սակայն միեւնոյն ժամանակ « Պաշտպանութիւնը զէնքերու խնդիր չէ, այլ « համապարփակ պաշտպանութիւնն է որ կը կատարուի հիմնարկութիւններուն միջոցաւ խթանելով ժողովուրդներու միջեւ համաձայնութիւնները։

Հիւլէական զէնքերու եւ նոր աշխարհակարգի վախը հակամարտութիւններէն յետոյ

Գերապայծառ Կալլակեր նշեց, եթէ միջուկային յարձակումը կը մնայ եղերական կարելիութիւն մը անխուսափելի է, որ հակամարտութիւններու աւարտին, կ՝ունենանք նոր աշխարհակարգ մը ոչ միայն Արեւելք-Արեւմուտք բաժանում, այլ աշխարհի մէջ աւելի դաշնակից խումբեր։

Երկու պետութիւններուն լուծումը Իսրայէլի եւ Պաղեստին համար

Գերապայծառ Կալլակեր երկարօրէն անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ ներկայ իրավիճակին։ Զրուցելով Կազայի մէջ տեղի ունեցած պատերազմի մասին ընդգծեց երկու ժողովուրդներուն երկու պետութիւններուն լուծումի կարեւորութիւնը, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի ապագային համար։ « Լուծում մը որ կը պահանջէ «ջանքեր» եւ «զոհողութիւններ» ու Սուրբ Աթոռը միշտ շարունակած է պնդել այդ լուծումին համար, սակայն շատերու համար անիկա հնարաւոր չհամարուիր» ։

Գերապայծառ Կալլակեր Կազայի պատերազմին հարցով հրամայական նկատեց աշխատիլ, որպէսզի զէնքերը լռեն, ոչ թէ մի քանի ամիսներ ետք, այլ անմիջապէս այս օրերուն։ Ան նշեց որ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի որդեգրած Կազայի մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատելու կոչը փաստ է, որ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան երկիրներու ճշնող մեծամասնութեան դիրքորոշումն է վերջ տալ պատերազմին, խաղաղութիւն հաստատել, ու փրկել այն ինչ որ կարելի է։ Խօսելով ՀԱՄԱՍ.ի մասին, Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղարը հաստատեց որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, « որպէս քաղաքական էութիւն ապագայ չ՝ունի, դիտել տալով որ անոնք եւս պէտք է հրաժարին Իսրայէլի պետութեան ոչնչացումէն։

Աջակցութիւն իշխանուհի Քէյթին

Ռայ Ունօ հեռուստակայանի Լրատուական ծրագիրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, Գերապայծառ Կալլակեր անդրադառաւ անցեալ , 21էն 24 մարտին, Մոնթենեկրօ կատարած ճամբորդութեան, նշելով թէ այդ տարածաշրջանը կը գտնուի նուրբ Իրավիճակի մէջ ու արժանի է միջազգային ընտանիքի ուշադրութեան։

Ի վերջոյ գերապայծառ Կալլակեր իր գուրգուրանքը ու աղօթքը յայտնեց իշխանուհի Քէյթ Միտթեթոնի համար, որ անցեալ օրերուն յայտարարեց իր առողջութեան եւ բուժման ընթացքին մասին։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2024, 11:21