Որոնել

Կարդինալ Փարոլին ծառ մը տնկեց  ի յիշատակ երանելի Ուլմա ընտանիքին Կարդինալ Փարոլին ծառ մը տնկեց ի յիշատակ երանելի Ուլմա ընտանիքին  (fr. Paweł Rytel-Andrianik)

Կարդինալ Փարոլին խնձորի ծառ մը տնկեց Վատիկանի պարտէզներու մէջ ի պատիւ երանելի հռչակուած Ճուզէփփէ Ուլմա ընտանիքին

10 սեպտեմբեր 2023-ին, Ճուզէփփէ Ուլմա ընտանիքը երանելի շարքին դասուեցաւ հալածուած հրեաներուն ապաստան տուած ըլլալուն համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 6 մարտին, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին խնձորի ծառ կը տնկեց ի յիշատակ եւ ի պատիւ վերջերս երանելիներու շարքին արժանացած Ճուզէփփէ Ուլմա ու անոնց եօթը զաւակներուն, որոնք բնաջնջուեցան Գերմանացի նացիներու կողմէ , հրէաներու ողջակիզումի ժամանակ իրենց ութը հրէաներէ բաղկացած ընտանիքները թաքցնելուն պատճառաւ։

Այսօր՝ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Լեհական պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Արք. Ատամ Սզալի, ֆրանչիսկոս Պապին յանձնեց Երանելի Ուլմա Ընտանիքի պատկերը, որ խորաններուն պատուոյն բարձրացաւ անցեալ 10 սեպտեմբերին։

10 սեպտեմբերին Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց Ուլմա Լեհ ընտանիքի մարտիրոսութիւնը, որուն երանացման արարողութիւնը կայացաւ նոյն օրը Մարքովայի մէջ։

«Այդ ժամանակները յատկանշող ատելութեան ու բռնութեան` անոնք ընդդիմացան աւետարանական սիրով։ Թող այս լեհ ընտանիքը, որ լոյսի շող մը ներկայացուց Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի խաւարին մէջ, բոլորիս համար ըլլայ՝ ընդօրինակելիք օրինակ, մեր բարի ցանկութեան և կարիքաւորներու ծառայութեան մէջ», ըսաւ Սրբազան Պապը ծափահարութիւն խնդրելով Երանելիներու այդ ընտանիքին համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2024, 10:21