Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ գերապայծառ Ալի Հեռերա Ֆրանչիսկոս Պապ եւ գերապայծառ Ալի Հեռերա 

Ֆրանչիսկոս Պապ նշանակեց անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնաժողովին երկու նոր քարտուղարներ

Գերպայծառ Ալի Հեռերա հոգեբան եպիսկոպոս մըն է, որ տարիներ շարունակ աշխատած է Լատին Ամերիկիոյ մէջ չարաշահումներու դէմ ուղեցոյցներուն համար իսկ Թերեզա Քեթելքամփ, Միացեալ նահանգներու մէջ գնդապետ մըն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Գերպայծառ Ալի Հեռերա՝ Քոլոմպիայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին քարտուղարը եւ Ամերիկայի մէջ Եկեղեցւոյ ամենաշատ պաշտպանական գրասենեակներու մէկուն ղեկավար, Թերեզա Քեթելքամփ, ուրբաթ 15 մարտին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ նշանակուեցան քահանայապետական անչափահասներուն պաշտպանութեան յանձնաժողովի համապատասխանաբար քարտուղար եւ քարտուղարի օգնական։ Անոնք կը յաջորդեն Հայր Սամլին։

Գերպայծառ Ալի Հեռերա հոգեբան եպիսկոպոս մըն է, որ տարիներ շարունակ աշխատած է Լատին Ամերիկիոյ մէջ չարաշահումներու դէմ ուղեցոյցներուն համար, իսկ Թերեզա  Քեթելքամփ, Միացեալ նահանգներու մէջ գնդապետ մըն է որ ղեկավարած է եկեղեցւոյ պաշտպանական ամենամեծ գրասենեակները մէկը։

Անչափահասները սեռային չարաշահումներէն պաշտպանելու համար կառուցած քահանայապետական յանձնաժողովի ղեկավարն է Պոսթոնի թեմի եպիսկոպոս, Կարդինալ Սին Օմալին եւ յանձնաժողովին մաս կը կազմեն աշխարականներ եւ կրօնաւորականներու որոնց շարքին անցեալին սեռային չարաշահումի ենթարկուած անձեր։

Յաւելեալ քայլ մը եկեղեցին աւելի անվտանգ դարձնելու համար

Անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնաժողովին երկու նոր քարտուղարներուն անուանումը Քահանայապետին կողմէ «Կարեւոր յաւելեալ քայլ մըն է մեր եկեղեցին միշտ ապահով վայր դարձնելու անչափահասներու եւ խոցելի անձերու համար» նշած է Կարդինալ Օմալի երկու քարտուղարներու անուանումի առիթով հրապարակած յայտարարութեան մէջ աւելցնելով, «Եպիսկոպոս Ալի եւ Թերեզան գալով տարբեր շրջաններէն եւ ունենալով եզակի յատկութիւններ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս, երկուքը կը կիսեն միեւնոյն ցանկութիւնը անչափահասներուն եւ խոցելի անձերուն բարօրութեան համար ու երկուքը յանձնաժողովին օրակարգին մէջ կը բերեն կայունութիւն եւ պատասխանատուութեան բարձր մակարդակ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2024, 13:59