Հռոմի Քուրիայի ներկայացուցիչներու եւ Գերմանացի եպիսկոպոսներու միջեւ հանդիպում Վատիկանի մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մէջ տեղեկացուց, որ ուրբաթ, 22 մարտին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած է Հռոմի Քուրիայի անդամներուն եւ Գերմանացի եպիսկոպոսներու միջեւ հանդիպում, որուն նպատակն է շարունակել 2022ին, Գերմանացի եպիսկոպոսներու կանոնական հնգամեայ այցելութենէն սկսած երկխօսութիւնը, որ յառաջ ընթացաւ մինչեւ 26 յուլիս 2023ին, կայացած առաջին միտքերու փոխանակումը։
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի ,որ Հռոմի Քուրիայի անդամներու եւ Գերմանացի եպիսկոպոսներուն միջեւ հանդիպումը տեղի ունեցաւ դրական եւ կառուցողական շրջանակի մէջ՝ եւ տեւած է ամբողջ մէկ օր։
«Քննարկուեցան աստուածաբանական կարգ մը բաց խնդիրներ բարձրացած Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած սիւնհոդասական ուղեւորութեան փաստաթուղթերէն։ հանդիպումը հնարաւորութիւն ընծայեց բացայայտելու տարբերութիւնները ու համակարծիքները՝ 2023 թուականին հոկտեմբեր ամիս, Տիեզերական եկեղեցւոյ սիւնհոդոսի վերջնական զեկոյցէն որդեգրուած ուղեգիծին համաձայն։
Գերմանիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի եւ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչները միջեւ համաձայնուած է կանոնական միտքերու փոխանակում ՝ սիւնհոդասական ուղեւորութեան եւ սիւնհոդասական կոմիտէի հետագայ աշխատանքի վերաբերեալ, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Յայտնենք թէ Սուրբ Աթոռի կողմէ հանիդպումի ներկայ եղան, Վիքթոր Ֆերնանտէզ, Քուրտ Քող, Փիեթրօ Փարոլին, Ռոպերթ Փրէվոսթ, Առթուր Ռոչ ծիրանաւորները եւ արք Ֆիլիփփօ Իաննոնէ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ