Քահանայապետական տարեգիրքի հրատարակում. Եկեղեցւոյ հայող վիճակագրական տուեալներ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Annuario Pontificio» 2024-ը և «Annuarium Statisticum Ecclesiae» 2022-ը, որոնց խմբագրական աշխատանքները իրականացուած են Եկեղեցւոյ վիճակագրութեան կենտրոնական գրասենեակի կողմէն եւ հրատարակուած Վատիկանի տպագրութեան գրասենեակէն, այժմ կը բաշխուի գրախանութներուն մէջ։
Քաանայապետական տարեգիրքին մէջ զեկուցուած տուեալներէն ի յայտ կու գան աշխարհի կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքի մասին տեղեկութիւնները՝ սկսած 2022 թուականի դեկտեմբերի 1-էն մինչև 2023 թուականի դեկտեմբեր 31-ը։
Այս շրջանի ընթացքին ստեղծուեցան 9 Եպիսկոպոսական նոր Աթոռներ եւ մէկ առաքելական հոգաբարձութիւն։
Վերոնշեալ վիճակագրութենէն ի յայտ կու գայ թէ 2021 – 2022 տարիներուն կաթողիկէ մկրտուածներուն թիւը աճած է եւ 2021ի մէկ միլիոն 376էն անցած է 2022ի 1.390 միլիոնի։
Նոյն տարեշրջանին աճած է նաեւ Եպիսկոպոսներուն թիւը եւ 5.340էն անցած է 5.353ի թէեւ 2022ին քահանաներուն թիւը նուազած է բաղդատմամբ նախորդ տարուայ։ Արդարեւ այդ թիւը 407.872էն անցած է 407.730ի։
Կը շարունակէ աճ արձանագրել մնայուն սարկաւագներուն թիւը անցնելով 2021-ի 49.176էն 2022-ի 50.150ի։
Կը նահանջէ սակայն կրօնաւորներուն թիւը եւ 2021-ի 49,774 էն կ՛անզնի 2022-ի 49,414-ի։ Նոյն նահանջը կ՛ արձանագրուի նաեւ կրօնաւորուհիներու պարագային, անոնց թիւ 608.958էն կ՛անցնի 599.228 եւ կը շարունակուի2012 թուականէն ի վեր քահանայական կոչումներու միտումը բնորոշող անկումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ