Որոնել

Նիճերիա Նիճերիա  (Copyright: Aid to the Church in Need)

Զարգացող Երկիրներու պարտքը՝ «անտանելի բեռ»․ Գերապայծառ Քաչչա

ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դէտը ելոյթ ունեցաւ Նիու Եորքի մէջ զարգացման ֆինանսաւորումին նուիրուած «Ecosoc» գիտաժողովին, ուր ընդգծեց թէ՝ ընդհանրական համագործակցութիւնը կարող է օգնել դժուարութիւններու մէջ գտնուող Երկիրներուն ներդրումներ կատարելու հասարակութեան կենսական բնագաւառներէն ներս։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Զարգացման ֆինանսաւորումին նուիրուած չորրորդ միջազգային համաժողովին ընդառաջ, որ պիտի անցկացուի Սպանիա 2025 թուականին, Նիու Եորքի մէջ երեկ՝ 25 Ապրիլին կայացած նոյն նիւթին նուիրուած «Ecosoc» գիտաժողովի բանավէճին մասնակցեցաւ եւ ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչչա։

Ըստ վերջինիս՝ 2025 թուականի հանդիպումի յաջողութիւնը կախում ունի «զարգացող Երկիրներու բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն առարկայական լուծումներ առաջարկելու» կարողութենէն, որոնց մէջ Սուրբ Աթոռը ամենէ շատ հրատապ կը դիտէ այդ ազգերու «պարտքի վատթարացող ճգնաժամին դիմագրաւումը»։

Բազմաթիւ զարգացող Երկիրներու համար պարտքը դարձած է «անտանելի բեռ, որ կը խոչընդոտէ անոնց զարգացմանը», ընդգծեց Գերապայծառը։

Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը մտահոգիչ դիտեց, որ աշխարհի մէջ տասը անձերէն չորսը կ’ապրի այնպիսի Երկիրներու մէջ, որտեղ կառավարութիւնները աւելի շատ գումարներ կը ծախսեն տոկոսավճարներու, քան կրթութեան կամ առողջապահութեան վրայ։

Նման իրողութիւնը, նկատեց Գերապայծառ Քաչչան, անհամատեղելի է կայուն զարգացման հետ՝ յորդորելով «էական փոփոխութիւն» պարտքի հանդէպ ունեցած մօտեցումի մէջ, ինչը թոյլ կու տայ նպաստելու մարդկային ընդհանրական զարգացման, ընկերային ներառման եւ արդարութեան, եւ ներդրումներ կատարելու առողջապահութեան, կրթութեան, աշխատանքի եւ ընկերային պաշտպանութեան ոլորտներէն ներս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2024, 11:43