Հրատարակուեցաւ «Dignitas infinita - անսահման արժանապատւութիւն» հռչակագիրը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր Երկուշաբթի 8 ապրիլ 2024ի կէսօրին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացուեցաւ Հաւատքի Վարդապետութեան Վերատեսչութեան կողմէ շարադրուած Մարդու Արժանապատւութեան նուիրուած «Dignitas infinita - անսահման արժանապատւութիւն» հռչակագիրը, որ պտուղն է հինգ տարուայ աշխատասիրութեան ու կը պարունակէ վերջին տասնամեակի պապական վարդապետութիւնը։
Հռչակագիրը կազմուած է 66 յօդուածներէ, ներածականէ, չորս գլուխներէ ու վերջաբանէ մը։
Առաջին երեք գլուխները կ՛առաջարկեն չորրորդին մէջ պարունակուող յայտարարութիւններուն հիմքերը՝ նուիրուած «մարդու արժանապատուութեան որոշ լուրջ խախտումներուն»։
Առաջարկուած «ոչ սպառիչ» ցանկին մէջ մարդկային արժանապատուութեան ոտնահարումներու շարքին` վիժումի, հեշտամահութեան, և փոխնակ մայրութեան հետ միատեղ կը յայտնուին, պատերազմը, աղքատութիւնը և գաղթականութեան ողբերգութիւնը, մարդավաճառութիւնը։
Նոր փաստաթուղթը կը նպաստէ գոյութիւն ունեցող երկփեղկութեան յաղթահարման` անոնց միջեւ, որոնք բացառապէս կը կեդրոնանան, չծնուած կամ մահացող կեանքի պաշտպանութեան վրայ՝ մոռանալով մարդկային արժանապատուութեան դէմ բազմաթիւ այլ յարձակումներ և, անոնց միջեւ, որոնք կը կեդրոնանան միայն աղքատներու և գաղթականներու պաշտպանութեան վրայ՝ մոռանալով` որ կեանքը պէտք է պաշտպանել բեղմնաւորումէն մինչև իր բնական աւարտը։
Նախաբանը` սկզբունքներ
Հռչակագիրի նախաբանին մէջ յղում կը կատարուի հիմնական սկզբունքներուն. «Եկեղեցին յայտնութեան լոյսին ներքոյ, միանգամայն կը հաստատէ», «մարդկային անձի գոյաբանական արժանապատուութիւնը՝ ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին համաձայն ու Անոր նմանութեամբ և փրկուած Քրիստոս Յիսուսով»։
Մարդկային արժանապատուութեան կենտրոնականութիւնը
Առաջին գլուխին խորագիրն է` «Մարդկային արժանապատուութեան կենտրոնականութեան առաջադէմ գիտակցում» մինչ ենթատիտղոսներն են` Աստուածաշնչական հեռանկարները. Քրիստոնէական մտքի զարգացումները եւ Այսօրուայ ժամանակները։
Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը
Երկրորդ գլուխը կը հայի Եկեղեցւոյ առաքելութեան` մարդկային արժանապատւութիւնը խթանելու ու զայն պաշտպանելու մէջ, իսկ երրորդ գլուխը կը խօսի արժանապատուութեան մասին, որպէս մարդկային իրաւունքներու ու իրաւունքի հիմք։ Չորրորդ գլխուն մէջ ներկայացուած են «մարդու արժանապատուութեան որոշ լուրջ խախտումներու» ոչ սպառիչ ցանկը. աղքատութեան ողբերգութիւնը, պատերազմը, գաղթականներու ապրած ցաւերը, մարդավաճառութիւնը, սեռային ոտնձգութիւնները, կիներու դէմ բռնութիւնը, վիժումը, փոխնակ մայրութիւնը, հեշտամահութիւնը եւ ինքնասպանութեան օժանդակութիւնը, հաշմանդամներուն մերժումը, «Կենտերի» տեսութիւնը, սեռափոխութիւնը, ու թուային բռնութիւնը։
Մարդկային արժանապատւութիւնը ոտնահարող հարցեր
«Աղքատութիւնը», ժամանակակից աշխարհի ամենամեծ անարդարութիւններէն մէկն է, մինչ «պատերազմը» մարդուն արժանապատուութիւնը մերժող ողբերգութիւն է, կը նշուի փաստաթուղթին մէջ, ուր կը դատապարտուի նաեւ գաղթականներուն ապրած ցաւը, մարդավաճառութիւնը, ու նաեւ մարդկային «օրկաններու» առեւտուրը, սեռային շահագործումը, ստրկական աշխատանքը, ներառեալ մարմնավաճառութիւնը, թմրանիւթերու և զէնքի առևտուրը, ահաբեկչութիւնը և կազմակերպուած միջազգային յանցագործութիւնը»։
Վիժումի նկատմամբ դատապարտումը յստակ է` «կեանքի դէմ ոճիր»։ Ապա ոչ կ՛ըսուի փոխնակ մայրութեան ու հեշտամահութեան եւ ինքնասպանութեան օժանդակութեան ու կը քննադատուի «կենտերի» տեսութիւնը, որ «վտանգաւոր է ու կը ջնջէ տարբերութիւնները»
Մարդու արժանապատւութիւնը ոտնահարող երեւոյթներու «ոչ սպառիչ» ցանկը կը լրանայ «թուային բռնութեամբ» ուր կը մատնանշուի «բռնութեան նոր ձևերու մասին, որոնք կը տարածուին ընկերային ցանցերու միջոցաւ»։
Կոչ
Հռչակագիրը կ՛աւարտի կոչով մը` որպէսզի «դուրս գալով բոլոր հանգամանքներէն, մարդու արժանապատւութեան յարգանքը դառնայ ընդհանուր բարօրութեան և իւրաքանչիւր իրաւական համակարգի յանձնառութեան կենտրոն»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ