Որոնել

Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութեան աթոռը Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութեան աթոռը 

Լոյս պիտի տեսնէ Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութեան Մարդկային արժանապատուութեան նուիրուած փաստաթուղթը

8 ապրիլին պիտի հրապարակուի Մարդկային արժանապատուութեան վերաբերեալ Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութեան «Dignitas infinita» վերտառութեամբ փաստաթուղթը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մարդկային արժանապատուութեան վերաբերեալ, Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութիւնը 8 ապրիլին պիտի հրապարակէ "Dignitas infinita" վերտառութեամբ փաստաթուղթ մը։ Նոյն օրը յիշեալ փաստաթուղթը պիտի ներկայացնէ հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսուչ, կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերանտէզ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Կարելի է Մամլոյ ասուլիսին ուղիղ եթերով հետեւիլ «Վատիկան Նիւզ»ի Եու Թուպի կայքէն։

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը

Վերոյիշեալ փաստաթուղթին մասին, Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձած է անցեալ 26 յունուարին, հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութեան անձնակազմին հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին յարելով որ պիտի հրապարակուի մարդկային արժանապատուութեան թեմայով փաստաթուղթը մը, հասկցուած որպէս «մարդկային անձի գերակայութիւն եւ անոր արժանապատուութեան պաշտպանութիւն բոլոր հանգամանքներէն դուրս»։ Նորին Սրբութիւնապա մաղթած է որ այդ փաստաթուղթը  «Օգտակար դառնայ եկեղեցւոյ, միշտ պատրաստ ըլլալու բոլոր այն անձերուն որոնք, առանց աղմուկի, ամէն օրը շօշափելի կերպով  կը պայքարին պաշտպանելու համար անտեսուածներուն իրաւունքները»։

Այլ փաստաթուղթեր

2023 թուականի նոյեմբերէն, Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութիւնը, կարդինալ Ֆերնանտէզի գլխաւորութեամբ հրապարակած է տարբեր փաստաթուղթեր ի պատասխան եպիսկոպոսներու եւ կարդինալներու տարբեր նիւթերուն, որոնց շարքին են բազմասերական անձերուն մկրտութիւնը ստանալու հնարաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ միասեռական զոյգերուն երեխաներու մկրտութիւնը նոյնիսկ եթէ անոնք ծնած են վարձակալած արգանդէն, Կաթողիկէներուն Մասոնութեան միանալու արգելքը, մահացածներու մոխիրի տեղադրումը, միայնակ մայրերուն քաջալերանքը՝ մասնակցելու Սուրբ խորհուրդներու արարողութիւններուն։

Դեկտեմբեր 18-ին, միեւնոյն վերատեսչութիւնը հրապարակեց Fiducia Supplicans, վարդապետական փաստաթուղթը, զոր հնարաւորութիւնը կ՝ընծայէ օրհնելու անկանոն զոյգերը, Սուրբ Պսակի ծիսակատարութենէն դուրս։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2024, 10:28