Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր  (ANSA)

Արք Կալլակերին ելոյթը Սուրբ Աթոռի մարդասիրական գործունէութիւններուն մասին աշխարհի մէջ

Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր ելոյթը՝ «Օրէնքի օր» հանդիպումին ընթացքին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր ելոյթ ունեցաւ ուրբաթ, 19 ապրիլին, Իտալիոյ Փեսքարա- Փեննէ արքեպիսկոպոսարանի կողմէ կազմակերպուած «Օրէնքի օր» հանդիպումին, զոր տեղի ունեցաւ Փեսքարա քաղաքի «Քաւուր» անուան սրահէն ներս։ Գերապայծառ Կալլակեր ելոյթին մէջ զրուցեց Սուրբ Աթոռի փորձառութիւններու մասին միջազգային օրէնքի շրջագիծէն ներս, կեդրոնացաւ միջամտութեան վրայ, որ յառաջացուց Արժանթիւնի եւ Չիլէի միջեւ համաձայնութիւնը՝ Պիկլ նեղուցի վերաբերեալ  եւ այն փորձերու վրայ դիւրացնելու համար Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ իշխանութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական գործունէութիւնները, օգուտ երկրի անչափահասներուն։

Միջազգային հանրութեան շրջանակէն ներս, Գերապայծառ Կալլակեր յարեց, որ Սուրբ Աթոռի նպատակն է համագործակցիլ մարդու համապարփակ զարգացման, ուր որպէս իրաւունքի տէր, կը ցանկանայ աջակցիլ համակեցութեան գաղափարի, որ ուղիղ յարաբերութիւններուն, միջազգային օրէնքներու յարգանքի, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանելիութեան պտուղն է,  սկսեալ վերջիններէն եւ խոցելիներէն։

Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ երկխօսութիւնը դիւրացնելու փորձերը

Միջազգային ընտանիքին ի նպաստ, Սուրբ Աթոռի միջամտութեան գործունէութիւններուն մասին զրուցելով Գերապայծառ Կալլակեր խօսքը կեդրոնացուց, ընթացքի մէջ գտնուող մարդասիրական գործունէութեան վրայ, Ռուսիոյ դաշնակցութեան մէջ գտնուող Ուքրանացի երեխաներուն հայրենադարձութեան ի նպաստ, մաղթելով որ ընթացակարգերը կ՝արագանան եւ ներգրաւուած կողմերու միջեւ վստահութիւնը կ՝աճի։ Այս գծովԳերապայծառ Կալլակեր յիշեց, Ֆրանչիսկոս Պապ առանձնական հանդիպումը Սուրբ Աթոռի մօտ Ռուսիոյ դեսպանին հետ, 25 փետրուար, 2022ի, յիշեց Կիւրեղ Պատրիարքի հետ երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ հանրային բազմաթիւ կոչերը։

Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը ապա անդրադարձաւ Պոլոնիայի թեմի արքեպիսկոպոս, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ կարդինալ Մաթէոյի կողմէ համակարգուած նախաձեռնութիւններուն, « պաշտպանելու համար պատերազմի գօտիէն ներս գտնուող երեխաները, ինչպէս նաեւ նպատակ ունենալով նպաստել երեխաներուն վերամիաւորումին իրենց ընտանիքներու հետ։ Այս նպատակով գործնականին մէջ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ քաղաքական իշխանութիւններու միջեւ բանակցութիւններէն յետոյ, փոխանակուած է նշանակուած անչափահասներուն ցուցակը  եւ ստեղծուած է «աշխատանքի կայուն խումբեր, որոնք իրարու միջեւ շփուած են Քահանայապետական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, ապա տեղի ունեցած է կանոնաւոր տեղեկութիւններու փոխանակում» ըսաւ արքեպիսկոպոսը դիտել տալով որ Երեխաներու հայրենադարձութեան համար տակաւին շատ դժուարութիւնները պակաս չեն։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2024, 11:58