Որոնել

Արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչըրտ Կալլակերին այցը Վիեթնամ Արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչըրտ Կալլակերին այցը Վիեթնամ 

Աւարտեցաւ Արքեպիսկոպոս Կալլակերին այցը Վիեթնամ

Սուրբ Աթոռի Պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարին այցը հարաւ արեւելեան Ասիայի Երկիր սկսած էր 9 Ապրիլին, ուր ան հանդիպած է քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ, այցելած եկեղեցական երեք շրջաններ եւ վիեթնամցի եպիսկոպոսներուն հետ զրուցած Քահանայապետական ներկայացուցիչի կանոնադրութեան հայող Համաձայնագիրի եւ տեղական Եկեղեցւոյ իրավիճակի մասին։

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Կիրակի, 14 Ապրիլին աւարտեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար, Արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչըրտ Կալլակերի Վիեթնամ կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը, որ սկիզբ առած էր 9 Ապրիլին։

Այցին գլխաւոր նպատակն էր հանդիպիլ քաղաքացիական եւ եկեղեցական իշխանութիւններուն հետ եւ փոխանցել Սրբազան Քահանայապետին մօտիկութիւնը կաթողիկէ համայնքին։

Եւ ճիշտ «Սրբազան Հօր հոգածութիւնը Վիեթնամի Եկեղեցւոյ համար» պատգամով Արքեպիսկոպոս Կալլակերը եզրափակեց Հուէի (Hue) «Phu Cam» տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագը :

Հանդիպում քաղաքացիական իշխանութիւններու եւ եպիսկոպոսներու հետ

Պետքարտուղարութեան X ընկերային հարթակէն կը տեղեկանանք, որ Վատիկանի պաշտօնեան վերջին օրերուն հանդիպած է քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ, այցելած է եկեղեցական երեք շրջանները՝ Հանոյ, Հուէ և Հօ Չի Մին Սիթի (Hanoi, Hue, Ho Chi Minh City)։ Արքեպիսկոպոսը հանդիպած է նաեւ Վիեթնամի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց հետ խօսած է Քահանայապետական ներկայացուցիչի կանոնադրութեան հայող պատմական Համաձայնագիրի մասին, որ Սուրբ Աթոռը եւ Վիեթնամը ստորագրած են 27 Օգոստոսին 2023 թուականին Վատիկանի մէջ:

Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են նաեւ տեղական Եկեղեցւոյ իրավիճակին առնչուող հարցեր բազմակարօն Երկիրի մը մէջ, ուր բնակչութեան 27 առ հարիւրը կաթողիկէներ են՝ գրանցելով աւելի քան 7,2 միլիոն հաւատացեալներու աճ:

Հանդիպում Վարչապետի հետ

Նախորդ օրերուն Գերապայծառ Կալլակերը Հանոյի մէջ հանդիպած էր Վիեթնամի Կառավարութեան որոշ ներկայացուցիչներու հետ, որոնց շարքին Վիեթնամի Հանրապետութեան Վարչապետ Մին Չինին (Phạm Minh Chính Ֆամ), Արտաքին Գործոց Նախարար Բուի Թեն Սոնին (Bùi Thanh Sơn) եւ Ներքին Գործոց Նախարար տիկին Ֆհամ Թհի Թեն Թրաին (Phạm Thị Thanh Trà) հետ։

Բոլոր հանդիպումներու ընթացքին զրուցակիցները վերահաստատած են Վիեթնամի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ առկայ դրական յարաբերութիւնները եւ գոհունակութիւն յայտնած երկկողմ լաւ յարաբերութիւններու համար՝ մաղթելով, որ Վիեթնամ - Սուրբ Աթոռ աշխատանքային խումբին յաջորդ՝ 11րդ համատեղ հանդիպումը որքան հնարաւոր է շուտ կայանայ։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Վիեթնամ հնարաւոր այցի մասին։

Սուրբ Աթոռ – Վիեթնամ յարաբերութիւնները

Սուրբ Աթոռի եւ Վիեթնամի միջեւ 1975ին ընդհատուած դիւանագիտական յարաբերութիւնները դրական զարգացումներ արձանագրած են 1990 թուականին։ Երկու տասնամեակ ետք՝ 2011ին Պենետիկտոս ԺԶ Պապը նշանակած էր Քահանայապետական ներկայացուցիչ մը՝ առանց Երկիրի մէջ մշտական նստավայրի։

Իսկ անցեալ տարի Օգոստոսին ստորագրուած Համաձայնագիրը հիմք հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ 23 Դեկտեմբեր 2023ին Վիեթնամի մէջ մշտական նստավայրով Առաքելական Նուիրակի նշանակումին համար՝ յանձինս ազգութեամբ Լեհ Արքեպիսկոպոս Մարէք Զալեվքիին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2024, 08:00